Հայաստանի Գլխաւոր Հիւպատոսը Տեսակցած Է Հալէպի Նահանգապետին Հետ
\n
\n
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան 17 Յունիսին հանդիպում ունեցած է Հալէպի նահանգապետ Մոհամէտ Ուահիտ Աքքատի հետ:
\n Շնորհաւորելով Տիգրան Գէորգեանը՝ Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսի պաշտօնին վրայ նշանակուելուն առիթով՝ Հալէպի նահանգապետը յաջողութիւն մաղթած է անոր՝ իր գործունէութեան մէջ:
\n Շնորհակալութիւն յայտնելով շնորհաւորանքին եւ ընդունելութեան համար՝ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսը կարեւոր նկատած է գլխաւոր հիւպատոսութեան եւ նահանգային իշխանութիւններուն միջեւ աւանդական դարձած արդիւնաւէտ համագործակցութեան շարունակութիւնը:
\n Կողմերը միտքեր փոխանակած են Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան, նահանգի ընկերային-տնտեսական խնդիրներուն եւ անոնց լուծման ուղիներուն վերաբերեալ:
\n Ընդգծելով Սուրիոյ հասարակական կեանքին մէջ հայ համայնքին ունեցած կարեւորագոյն դերակատարութիւնը՝ զրուցակիցները անդրադարձած են ստեղծուած կացութեան մէջ Հալէպի հայութեան առջեւ ծառացած խնդիրներուն:
\n Հանդիպման ընթացքին Մոհամէտ Վահիտ Աքքատ Տիգրան Գէորգեանին ներկայացուցած է նաեւ նահանգի մարդասիրական կացութեան բարելաւման նպատակով առնուած քայլերը:
\n