250 Ընտանիք Կը Վերադառնան Քեսապ
1335
0
\n
\n
«Սանա» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ 250 տեղահանուած քեսապցի ընտանիքներ Քեսապի ազատագրումով, եւ սուրիական բանակին աւանի ապահով յայտարարումով սկսած են վերադառնալ ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումներուն կողմէ հրկիզուած, թալանուած ու կիսաքանդ դարձած իրենց բնօրրանը։ Լաթաքիոյ նահանգապետին թելադրանքով շրջանի պետական ենթակառոյցներու (ջուր, ելեկտրականութիւն, հաղորդակցութեան միջոցներ եւայլն) վերականգնման աշխատանքները պիտի ամբողջանան յառաջիկայ երեք օրերուն ընթացքին։
\n
Ահաբեկիչ խմբաւորումները հրկիզած են եկեղեցիներն ու մշակութային կեդրոնները, թալանած են բնակարանները, վաճառատուներն ու քեսապցիներուն գիւղատնտեսական սարքերը։
\n
\n
\n