«Գանձասար»ի ցրուիչ Վրէժ Ճապաղջուրեան զոհ գնած հրթիռի պայթումի

\n

\n

17 Յունիսին, Նոր Գիւղի մէջ տագնապալի վիճակ ստեղծուած է. Զուարթնոց եկեղեցւոյ դիմաց գտնուող, ֆաթայեր ճանոյի խանութի մօտ տեղացած հրասանդի եւ հրթիռներու հետեւանքով այրած է Ճանոյի խանութը, նոյն վայրի մէջ զոհուած է «Գանձասար» շաբաթաթերթի երկար տարիներու ցրուիչ Վրէժ Ճապաղջուրեանը (նկարը), կան ծանր ու թեթեւ վիճակի վեց վիրաւորներ:

Նախորդ օրը, Յունիս 16ին, Հալէպի Սիպիլ թաղամասի մէջ պայթած հրասանդի բեկորներէն ստացած վնասի հետեւանքով մահացած էր 1942ի ծնունդ Սեդա Պասմաճեանը:

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.