80-րդ Օր. Համարատուութիւն` Քեսապ Եւ Լաթաքիա

\n

 

\n

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

\n

Ստորեւ կու տանք քեսապահայութեան պատասխանատուներէն Կարօ Մանճիկեանի հաշուետու զեկուցումը` անցնող 80 օրերուն համար: Զեկուցումը գրուած է նախքան սուրիական բանակին կողմէ Քեսապի վերատիրացումը, սակայն անոր մէջ նշուած կէտերը այժմէական կը մնան նաեւ հիմա, երբ քեսապահայութիւնը կը պատրաստուի տունդարձի:

\n

Ամէն ճիգ թափեցի, որ այս յօդուածս հասնի Քեսապի տեղահանութեան 60-րդ օրը, բայց Համազգային կրթական եւ մշակութային միութեան Պատգամաւորական Է. ժողովը` գումարուած քաղաքամայր Երեւանի մէջ, որուն մասնակցեցայ, պատճառ հանդիսացաւ, որ անիկա անգամ մը եւս ուշանայ: Շատ աշխատեցայ, որ այնտեղէն` հայրենի հողին պարգեւած ներշնչումով, սեւով ճերմակին յանձնեմ ստորեւ յիշուած գաղափարները, սակայն երեւանեան զբաղումներս արգելք հանդիսացան մտադրութեանս: Բայց եւ այնպէս Հայաստան այցելութիւնս, թէկուզ իբրեւ տարաբախտ, տարագրեալ, օգտաշատ եղաւ կարգ մը յարաբերութիւններ ստեղծելու այնտեղի մեր հայ եղբայրներուն, ինչպէս նաեւ տեղահանուած սակաւաթիւ այն քեսապցիներուն հետ, որոնք առժամեայ բնակութիւն հաստատած էին հոն` Երեւան: Ափսոս, որ ժամանակի սղութեան պատճառով չիրագործուեցան կարգ մը հանդիպումներ, որոնք օգտաշատ կրնային ըլլալ Քեսապին եւ քեսապցիներուն: Հանդիպումներուս ընթացքին միանուագ զգալի էր բոլորին զօրակցութիւնը մեր գիւղին եւ ժողովուրդին` բանիւ եւ գործով: Հոս կ՛ուզեմ առանձնացնել «Էներգոմաշ» փակ բաժնետիրական ընկերութեան, անոր տնօրէն Դաւիթ Ս. Առաքելեանին եւ աշխատակիցներուն նիւթական զօրակցութիւնը. անոնք Քեսապի աղէտէն անմիջապէս ետք, իրենց լումաները քով-քովի բերած եւ մտածած էին զանոնք փութացնել քեսապահայութեան իբրեւ նպաստ, առանց ամենադոյզն ծանօթութիւնն անգամ ունենալու մեր համագիւղացիներուն հետ:

\n

Հայութեան յարութիւն առնելու գաղտնիքը եւ արժանիքը այսպիսի կեցուածքներու մէջ պէտք է փնտռել: Անշուշտ ամէնուրեք նոյն հարցումները.- «ի՞նչ են վերջին լուրերը Քեսապէն», «Քանի՞ ընտանիք տեղահանուած է», «Քանի՞ ընտանիք կը գտնուի Լաթաքիա», «ի՞նչ է եկեղեցին մնացողներուն թիւը», «Ե՞րբ կը կարծէք վերադառնալ», «Ժողովուրդին տրամադրութիւնը ինչպէ՞ս է», «Կ՛ուզէ՞ վերադառնալ», «Քանի՞ ընտանիք Լիբանան կը գտնուի», «Քանի՞ն Այնճար է», «Հոն կ՛ուզե՞ն հաստատուիլ», «Ինչո՞ւ Հայաստան չէք գար», «Եթէ Քեսապ վերադառնաք, ի՞նչ դժուարութիւններ պիտի դիմագրաւէք»: Այս սրտաճմլիկ հարցադրումները կու գան իսկական հարազատներէ, որոնք հեռուն նստած էին, բայց անոնց հոգիները մեր քով սլացած էին: Մեզի հետ ապրած եւ մեզի հետ տեղահանուած էին անոնց սրտերը: Անշուշտ ամենայն լայնասրտութեամբ եւ համբերութեամբ պատասխանեցի անոնց, որոնք կը փորձէին կիսել դառնութեան մեր բաժակը, նաեւ վերադարձի եւ վերականգնումի յոյսերը: Շատ բնական էր, որ վերադարձիս` Լիբանանի ճամբով հարկադրաբար, հոն եւս հանդիպէի նոյնքան սրտցաւ հայորդիներու, փորձեցի տալ համապատասխան զեկուցումներ եւ փորձ կատարեցի, որ կազմակերպուին նպաստներն ու օժանդակութիւնները, մանաւանդ երբ վերադառնանք Քեսապ եւ այդ աշխատանքները ուղղուին աւանի տնտեսութեան վերականգնումին:

\n

Յաջորդ տողերուն մէջ պիտի փորձեմ ամփոփել վերոյիշեալ հարցադրումներուն պատասխանները: Նախ կ՛ուզեմ հաստատել, որ Քեսապի ապահովական կամ ճակատային վիճակը կայուն է: Նահանջ չկայ, սակայն կայ ամրապնդումի իրավիճակ եւ թեթեւ յառաջխաղացք: Անկախ, որ մեր ինչքերը թալանուած են, սակայն յոյսով ենք, որ հեռատեսութեամբ, ռազմաքաղաքական խոհեմութեամբ մարտեր չեն կատարուիր Քեսապի տնամերձ վայրերուն մէջ, մեր բնակարաններն ու կառոյցները խնայելով փուլ գալէ: Նոյնպէս մտահոգ ենք, որ խոպան մնացած պարտէզները չեն ենթարկուիր ռմբակոծման, ինչ որ կրնայ պատճառ դառնալ անոնց հրկիզումին: Այսօր տեղահանեալ ընտանիքներուն պատկերը բիւրեղացած է 95 առ հարիւրով: Քեսապէն տեղահանուած քեսապահայ ընտանիքներուն թիւը` 430 ընտանիք է:

\n

Անոնցմէ Լաթաքիա (մեծ մասը բնակարաններու եւ հարազատներու մօտ) տեղաւորուած ընտանիքներուն թիւը մօտ 350 է, որոնցմէ 27-ը եկեղեցւոյ սրահներուն մէջ են: Այս հանգրուանին կարելի եղաւ վարձքով բնակարաններուն մասնակի համեմատութեամբ նպաստ ապահովել: Լիբանան հաստատուած կարգ մը ընտանիքներ վերադարձան Լաթաքիա, որովհետեւ Սուրիոյ մէջ ապրուստի, կենցաղային եւ զանազան պայմանները, հակառակ 3 տարիէ ի վեր յամեցած տագնապին, տակաւին շատ աւելի տանելի եւ դիւրին են, քան այլուր, ուր կեանքը տարապայման սուղ եւ անտանելի է: Այսօր Լիբանանի մէջ տեղակայուած է 82 ընտանիք, բաժնուած Պէյրութի եւ մերձակայ վայրերուն մէջ եւ շուրջ 20 ընտանիք Այնճարի մէջ:

\n

Անշուշտ Լիբանան հանդիպումիս ընթացքին կապ հաստատեցի Լիբանանի Քեսապցիներու ուսումնասիրաց միութեան վարչութեան հետ, ուր քննուեցան կարգ մը հարցեր, որոնցմէ են` նպաստներու բաշխման ցանկերու համեմատութիւնը, բիւրեղացումը եւ այլն… Ցարդ, հպարտութեամբ կրնանք յայտնել, որ ժողովուրդին կամքն ու փափաքը Քեսապ վերադառնալն է, ինչ որ անհրաժեշտ է, որ նոյն ուժգնութեամբ եւ ջերմութեամբ պահպանուի: Ասոր նպաստող ազդակներէն մէկը ժողովուրդին ամէնօրեայ հանդիպումն է` յետմիջօրէի ժամը 5:00- 7:00: Լաթաքիոյ մէջ կայք հաստատած ժողովուրդը հանդիպման վայր դարձուցած է Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակը: Անկախ Քեսապի Ազգային ուսումնասիրաց ճեմարանի մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսէն, գնահատանքի արժանի էր եկեղեցւոյ շրջափակը ապրող տիկիններու նախաձեռնութեամբ եւ անոնց զաւակներուն մասնակցութեամբ իրագործուած հանդիսութիւնը, որ կը բովանդակէր երգ, պար, ասմունք եւ թատերական փոքր ելոյթներ: Թէ՛ հանդիսութիւնը եւ թէ՛ ինքնաբուխ նախաձեռնութիւնը շատ ջերմ եւ ուրախ տրամադրութիւն ստեղծելով փաստեցին, որ այս ժողովուրդը, հակառակ դժուարին պայմաններուն, գիտէ ապրիլ, կեանքին կառչիլ, յարութեան գաղափարին պլլուիլ:

\n

Այս մէկը ինքնին պատասխան է, որ այս ժողովուրդը ապրելու կամքը ունի եւ իր այս դիմագիծով կեանքը կ՛ուզէ ապրիլ իր հայրենի օրրանին` Քեսապի մէջ: Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ ապրող ընտանիքներուն յարափոփոխութիւնը 26-ն է, ցայսօր կը շարունակուի անոնց ամէնօրեայ բաւարար սնունդի մատուցումը: Նախորդ գրութեամբ մենք պարզաբանած էինք, թէ երբ վերադառնանք Քեսապ, մեր առջեւ այժմէն պիտի ցցուին երեք հիմնահարցեր. I. Կենցաղային հիմնահարց: Քեսապցին յար եւ նման է արմատախիլ եղած ծառին: Ան այս օրերուն պէտք էր սկսած ըլլար բերքահաւաքի աշխատանքին (եթէ բերք գոյացած ու մնացած է), սակայն ան զրկուած է իր մէկ տարուան աշխատանքին ու գործին արդիւնքէն, մէկ տարի եւս պիտի պայքարի, որ 70 առ հարիւր համեմատութեամբ վերականգնէ իր գիւղատնտեսութիւնը, սպասելով մէկ տարի եւ քիչ մը` քաղելու համար վերականգնումի առաջին պտուղը: Մէկ խօսքով աւելի քան մէկուկէս տարի ան պէտք ունի կենցաղային նպաստի, որպէսզի յաջորդ տարի կարենայ վստահ ըլլալ բերքի եւ արտադրութեան համեմատական ինքնաբաւութենէն: II.Գիւղատնտեսութեան վերականգնումի հիմնահարց: Քեսապը կողոպուտի ենթարկուած է, իր գիւղատնտեսութեան հիմնական թէ երկրորդական միջոցները աւարի ենթարկուած են, վերը յիշուած առաջին կէտով` կենցաղային հարցը լուծելու համար, քեսապցին դէմ յանդիման կը գտնուի իր գիւղատնտեսութիւնը եւ անոր միջոցները վերականգնելու հրամայականին, այսինքն` գործիքները, իբրեւ մեքենայացած միջոցներ, ջրմուղ սարքեր եւ տարրական ամէն միջոց, մինչեւ դեղեր… եւ այլն: Այլապէս իր գիւղ վերադարձը պարզապէս այցելութիւն կ՛ըլլայ, եւ օրերու ընթացքին ան յուսահատութեան կը մատնուի:

\n

Այս պատկերին վրայ նաեւ պէտք է տեսնել անհրաժեշտ արհեստանոցներու, տնտեսական հաստատութիւններու, խանութներու (եւ այլն) վերականգնումը: III. Շէնքերու, տուներու եւ ենթակառոյցներու վերականգնումի հարց: Վերի տողերուն մէջ անդրադարձայ, որ կը յուսանք եւ կը մաղթենք, որ մարտեր տեղի չեն ունենար գիւղին մէջ, խնայելով տուներն ու այլ կառոյցները (ոստիկանատուն, նամակատուն, եկեղեցի, դպրոց, ժողովրդային սառնարան, պետական բուժարան, պանդոկ, ճաշարան …): Սակայն վստահ, որ մասնակի քանդումներ պիտի պատահին (եթէ չեն պատահած իսկ): Ուստի երրորդ հանգրուանը, աւելի ուշ, այդ կառոյցներու վերականգնումը պիտի ըլլայ: Այս երեք հիմնահարցերուն լուծումը կ՛ենթադրէ մեծ ճիգ, այլ խօսքով` համազգային ճիգ: Առ այդ, վստահ ենք, որ հայ ժողովուրդը իր մասնակցութիւնը, իսկ աւագանին` իր առաջնորդութիւնը պիտի տրամադրէ վերակառուցման ծրագիրին: Կը յաւակնինք ըսելու, որ այս մէկը համազգային ռազմավարական ծրագիր է. իսկ եթէ այդպէս չէ, այն ատեն պիտի հարցադրել, թէ քեսապահայութիւնը Քեսապը լքելու ծրագիր պիտի որդեգրէ՞: Տեղ մը ըսած էինք, թէ Քեսապը մեզի համար ե՛ւ Սուրիա է, ե՛ւ Հայաստան, ե՛ւ մանաւանդ կիլիկեան Հայաստան: Այլ խօսքով, երկրորդ քառասուն օրուան հաշուետուութեան պահուն, քեսապցին տակաւին նոյն տեսլականը, նպատակն ու ձգտումը ունի, թէեւ ժամանակը անոր դէմ կը գործէ: Այս փնտռտուքով էր, որ հայրենիքէն վերադարձիս, Լիբանանի մէջ նախաքայլեր կատարեցի միջազգային ընտանիքին մօտ, Քեսապի գիւղատնտեսութիւնը վերականգնելու գծով տարուելիք աշխատանքներուն առնչութեամբ: Համոզումը մէկ է, մինչեւ այդ լուսապայծառ պահը` Քեսապ վերադարձը, պէտք է պատրաստ ունենալ կենցաղային վերականգնումի պահանջներու եւ տնտեսութեան, մանաւանդ գիւղատնտեսութեան կարիքներու հիմնական ցանկը եւ նախնական գործունէութեան ծրագիր մը, այդ յարութիւնը, վերականգնումը կազմակերպելու համար: Պէտք է յստակացած ըլլան հասցէները միջազգային ընտանիքի այն երկիրներուն, որոնք տրամադիր են նպաստելու, եւ իմանալ, թէ իրենց նպաստները որքանո՞վ կը համընկնին մեր վերականգնումի կարիքներուն: Յաճախ կը լսուի, թէ աշխարհացրիւ հայութիւնը իր քսակը լայն բացած է քեսապահայութեան համար, եւ հարցադրում տեղի կ՛ունենայ, թէ արդեօ՞ք այդ գումարները կը հասնին իրենց նպատակին: Նախ եւ առաջ պէտք է ստորագծել, որ հաւաքուած գումարները տրուած են համազգային ճանաչում ունեցող կողմի մը եւ անպայման կը հասնին իրենց նպատակակէտին: Իսկ եթէ հանգանակող կողմը հանրածանօթ չէ, այդ պարագային պէտք է զգուշ ըլլալ, որպէսզի այդ սրտաբուխ նուիրատուութիւնները չշեղին իրենց ընթացքէն եւ նպատակէն` երթալով լեցնելու անորոշ կողմերու եւ անձերու գրպանները: Երկրորդ հարցադրումը այն է, թէ արդեօք հաւաքուած գումարները անպայման պէ՞տք է ժողովուրդին ծառայութեան ու անոր ցաւերու ամոքման տրամադրուին` գոհացնելով անոր տարրական ու կենսական պահանջները, թէ՞ պիտի ծառայեն քեսապահայերուն գրպանները պարարտացնելու: Անշուշտ, լիազօրուած մարմինները, մանաւանդ Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինը, ինչպէս նաեւ անոր ենթակայ գործադիր մարմինները, ինչպիսին է նաեւ Քեսապի Գործադիր մարմինը, նախանձախնդիր են տեղահանուած կամ արկածներու ենթարկուած հայութեան տալու հնարաւոր ու անհրաժեշտ օժանդակութիւնը, կենցաղային եւ դրամական նպաստը, միայն ու միայն անոր անհրաժեշտ ու անժամանցելի պէտքերը հոգալու, ոչ թէ զայն նիւթական առատութեան եւ շռայլութեան հասցնելու: Անհրաժեշտ է ընդգծել, թէ որքան ալ կենսական ըլլան ապրուստի եւ այլ կարեւոր պէտքերը, նոյնարժէք իմաստ ունի մանաւանդ քեսապահայութեան տնտեսութեան վերականգնումը, եւ եթէ կուտակուած գումարները ճշգրտօրէն չտնտեսավարուին, ապա վերականգնումը միայն ցնորք պիտի դառնայ: Միաժամանակ պէտք է ընդգծել, որ եթէ նիւթական անհրաժեշտ կարիքները չգոհացուին, այդ պարագային ժողովուրդը կրնայ երթալ հակառակ ուղղութեամբ եւ գայթակղելու, սայթաքելու վտանգին ենթակայ կ՛ըլլայ: Քեսապի Գործադիր մարմինին համար շատ յստակ ու կարեւոր է այդ փափուկ հաւասարակշռութիւնը պահելու եւ պահպանելու հրամայականը: Իրականութեան մէջ ժողովուրդին անհրաժեշտ է կարթ տալ, որ ձուկ որսայ, քան թէ զայն օրօրել ու կերակրել առատ ձուկով:

\n

Երախտագիտութեան եւ շնորհակալութեան խօսք կը փոխանցենք բոլոր այն կողմերուն (զորս կու տանք ստորեւ), որոնք բարեխղճօրէն կատարեցին, կը կատարեն ու կը խոստանան տակաւին կատարել իրենց մարդասիրական ու նուիրական գործը` նպաստներ մատուցելով (նիւթական, կենցաղային կամ այլ) ներկայ վիճակին ի տես: Վստահ ենք, որ գալիք սերունդները երախտամոռ չեն ըլլար, այլ` երախտապարտ, ինչպէս անցեալին եղան: Այսպէս, մեր առաջին ցանկին վրայ կու գան աւելնալու հետեւեալ կողմերէն եղած նուիրատուութիւնները, իբրեւ նիւթական նպաստ. Ա) «Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութենէն: Բ) Գալուստ Կիւլպէնկեան հաստատութենէն` ծովափի կարիքաւորներուն: Գ) Հայ կաթողիկէ համայնքէն: Դ) Ճեզիրէի Բարձր հայոց առաջնորդ հայր Անդրանիկ Այվազեանէն: Ե) Ամերիկայի Նիւ Ճըրզի նահանգէն (չորս անհատներ): Զ) Ճինիշեան հաստատութենէն (Հալէպի տնօրէնութիւն): Ստացած ենք նաեւ կենցաղային եւ տնային անհրաժեշտութիւններու նպաստներ` հետեւեալ կողմերէն. – Աւետարանական մկրտչական եկեղեցիէն` հովահարներ: – Միջին Արեւելքի աւետարանական եկեղեցիներու միութենէն` Աւետարանական երիցական եկեղեցւոյ միջոցով (անկողիններու սաւաններ, ցամքոցներ եւ այլն…) -Աւետարանական Նազովրեցի եկեղեցիէն Դամասկոս` հողաթափներ, ապա անկողինի ծածկոցներ, սննդամթերք ու դեղորայք: -Ռուսիոյ նախագահէն, կառավարութենէն եւ ռուսաբնակ հայութենէն 34 թոն (մէկ օդանաւ) զանազան ուտելիքներ, կենցաղային, մաքրութեան, գրենական պիտոյքներ, դեղորայք եւ այլն:. – Եկեղեցւոյ շրջափակը բնակողներէն 40 հոգիի պտոյտ` Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքարանին նախաձեռնութեամբ եւ հոգածութեամբ: Ընթացքի մէջ են` Ա) Ամառնային դպրոց «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրինութեան միջոցով: Բ) Եկեղեցւոյ սրահը մնացողներուն համար անկողիններու ապահովում: Գ) Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ կազմակերպած պտոյտը եւս 40 հոգիի:

\n

Կեանքը շարունակուած է Լաթաքիա ապաստանած քեսապցիներուն մօտ: Անցնող 80 օրերուն ունեցած ենք` – 4 մահ (մէկը` նահատակ) – Մէկ պսակ – Մէկ մկրտութիւն: Նախքան աւարտելը, կ՛ուզենք լրիւ բաժնել ցաւը հալէպահայութեան: Անոնք մաշումի պատերազմի դաժանութիւնը կը տանին ամէն օր: Ափսոս, որ մեր տեղահանուածի իրավիճակին մէջ միայն խօսքով է, որ կրնանք զանոնք մխիթարել իրենց ցաւերուն, տառապանքներուն մէջ: Մօտիկ անցեալին, մեր գիւղին, տուներուն, դպրոցներուն եւ սրտերուն դռները լայն բացած էինք Հալէպի տեղահանեալ մեր քոյրերն ու եղբայրները ընդունելով մեր մօտ: Ափսոս, որ անկարող ենք նոյնը կրկնել այս պահուս` ծանօթ պայմաններու բերումով: Կը մաղթենք, որ Սուրիան ընդհանրապէս, Հալէպն ու Քեսապը մասնաւորապէս, վերագտնեն խաղաղութիւնն ու անդորրութիւնը, ժողովուրդը վերադառնայ իր տունն ու օրրանը, վերսկսի վերաշինութեան ու վերականգնումի աշխատանքներուն եւ կեանքը նոր թափով շարունակուի:

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.