Քեսապէն նահանջած են բոլոր ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումները

\n

\n

Սուրիական ընդդիմութեան պաշտօնական խօսափողը հանդիսացող Syrian Observatory for Human Rights տեղեկատուական գրասենեակը Յունիս 14֊ին յայտարարեց, որ Քեսապի ճակատէն հեռացած են Սուրիոյ իշխանութիւններուն հակադրուող Սուրիոյ Ազատ բանակի զինեալները, ինչպէս նաեւ արմատական իսլամական Ժապհաթ Ալ Նուսրա, Ահրար Ալ Շամ, Հարաքաթ Շամ Ալ Իսլամ կազմակերպութիւններու զինեալ խմբաւորումները, որոնք նահանջած են դէպի Ժապալ Ալ Աքրատ։ Քեսապի շրջակայքը մնացած են փոքր թիւով Անսար Ալ Շամի զինեալներ եւ թուրքմէն զինեալներ։ Նոյն աղբիւրը յայտնեց նաեւ, թէ սուրիական օրինաւոր բանակի յառաջացող ստորաբաժանումներուն կողքին են լիբանանեան Հըզպալլահ կազմակերպութեան զինեալները։

\n

Սուրիական ընդդիմութեան հեռատեսիլի Ալ Մաշրէք կայանը իր հաղորդումներուն մէջ նոյնպէս հաստատեց Քեսապը գրաւած զինեալներու նահանջը, յայտնելով, որ անոնցմէ շատեր չեն յաջողած անցնիլ Քեսապի թրքական սահմանակէտը, որովհետեւ այդ կէտը գրաւած են սուրիական բանակի ուժերը։

\n

Ալ Մաշրէք նաեւ յայտնեց, թէ նոյն օրը, Սուրիոյ Ազատ բանակի զինուորական ատեաններէն եւ Ազատ բանակի ռազմական ճակատի հրամանատարներէն հրաժարած են 9 բարձրաստիճան հրամանատարներ։

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.