Թուրքիոյ Եկեղեցիներուն Մասին Բանաձեւը Պիտի Քննուի Յունիս 18ին

\n

 

\n

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Էտ Ռոյսի նախաձեռնութեամբ, Չորեքշաբթի, Յունիս 18ին պիտի քննուի եւ քուէարկութեան պիտի դրուի Ռոյսի եւ քոնկրեսական Էլիըթ Էնկըլի կողմէ Մարտին ներկայացուած՝ Թուրքիոյ մէջ կրօնական ազատութիւններու առնչուող երկկուսակցական բանաձեւը (H.R.4347), որուն նպատակն է երաշխաւորել Թուրքիա գտնուող քրիստոնէական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը:

\n

 Բանաձեւին մէջ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններէն կը պահանջուի տարեկան դրութեամբ զեկոյց ներկայացնել՝ Թուրքիոյ եւ գրաւեալ Կիպրոսի մէջ գտնուող բռնագրաւուած եկեղեցիներու եւ կրօնական կալուածներու վիճակին եւ անոնց վերադարձը ապահովելու աշխատանքներուն մասին:

\n

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան շնորհակալութիւն յայտնած է նշեալ քոնկրեսականներուն՝ այս նախաձեռնութեան համար՝ ընդգծելով, որ կիպրացի, յոյն, ասորի եւ այլ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչները նեցուկ կը կանգնին բանաձեւին:

\n

Բանաձեւի քննարկումէն առաջ, յանձնախումբին առջեւ զեկուցում մը պիտի ներկայացնէ «Թաֆց» համալսարանէն դոկտ. Էլիզապէթ Փրոտրոմուն՝ «Թուրքիոյ մէջ քրիստոնէական ժառանգութեան պահպանումը» նիւթով: Ելոյթ պիտի ունենայ նաեւ «Ռաթկըրզ» համալսարանի Հայկական Ցեղասպանութեան ծրագիրի համակարգող Խաչիկ Մուրատեան:

\n

Զեկուցումները, յանձնախումբի քննարկումն ու քուէարկութիւնը ուղղակի պիտի սփռուին http://foreignaffairs.house.gov/hearing/hearing-protecting-christian-heritage-turkey կայքէջէն:

\n

Բանաձեւը ներկայացնելու ընթացքին, Ռոյս նշած էր. «Այս բանաձեւը Թուրքիան կը դնէ իր միջազգային պարտաւորութիւններուն հաւատարիմ մնալու պարտականութեան տակ՝ պաշտպանելով մարդկային տարրական իրաւունքները. անիկա նաեւ կոչ կ՛ընէ ուշադրութիւն դարձնելու եկեղեցական ունեցուածքը իրենց օրինական տէրերուն վերադարձնելու կապակցութեամբ թուրք ղեկավարներու չիրագործուած խոստումներուն վրայ: Տասնամեակներ շարունակ Թուրքիոյ սահմաններէն ներս գտնուող քրիստոնէական կառոյցները, յատկապէս՝ հայկական, ասորական եւ յոյն ուղղափառ համայնքներուն պատկանող եկեղեցական գոյքը, տարբեր պատճառաբանութիւններով բռնի եւ ապօրինի կերպով բռնագրաւուած են Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ»:

\n

Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը կը շարունակուի Թուրքիոյ մէջ եւ մէկ օղակը կը հանդիսանայ սուլթանական, երիտթրքական, ինչպէս նաեւ քեմալական-հանրապետական վարչակարգերուն կողմէ գործադրուած Հայկական Հարցը «լուծել» միտող քաղաքականութեան: Հակառակ հայկական յուշարձաններուն վերաբերեալ «հոգատար» ըլլալու թրքական իշխանութիւններուն կատարած բարձրաձայն յայտարարութիւններուն, Անգարա չէ դադրեցուցած հայկական յուշարձաններուն ոչնչացումը կամ թրքացումը: Թուրքերուն կողմէ բռնագրաւուած հիւսիսային Կիպրոսի մէջ եւս քրիստոնէական ժառանգութիւնը ակներով, ուղղաթիռներով եւ օդանաւերով, հրթիռային սարքաւորումներով, հրասայլերով եւ զրահամեքենաներով», ըսած է ան՝ աւելցնելով, թէ անցեալ տարուընէ ի վեր, Նախիւջեւանին եւս փոխանցուած է շատ արդիական զէնքեր:

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.