Տահեշ Մուսուլի Մէջ Թուրքիոյ Հիւպատոսը Առեւանգեց

\n

\n

ՏԱՀԵՇ-ի անդամ զինեալներ երէկ գրաւեցին Մուսուլի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարանը, որմէ ետք առեւանգեցին Մուսուլի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոս Էօզթուրք Եըլմազը եւ հիւպատոսարանի անձնակազմն ու պահակները, ընդհանուր առմամբ շուրջ 48 հոգի: Եըլմազ վերջերս Էրպիլի մէջ ականահարումէ մը փրկուած էր:

\n

Թրքական կառավարութեան աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ ջանքեր կը թափուին, որպէսզի անոնք անվնաս մնան: ՏԱՀԵՇ նաեւ գերեվարած է բեռնատարերու 32 թուրք վարորդներ:

\n

Զինուորական գետնի վրայ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները կը շարունակեն յառաջանալ դէպի Սալահէտտին նահանգին մէջ գտնուող Պիժիի քարիւղահանքերը: Քրտական աղբիւրներ «Արապիյա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ Փեշմերկաները Քերքուք նահանգի բոլոր սահմաններուն վրայ տարածուած են` ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներու ներթափանցումը կանխարգիլելու համար:

\n

Մինչ այդ, քրտական ինքնավար մարզը Մուսուլի քաղաքացիներուն 15 օր տեւողութեամբ ժամանակաւոր կեցութեան արտօնութիւն տուաւ:

\n

Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին վստահեցուց. «Իրաքեան բանակի ուժերուն թերացումէն ետք, իրաքեան իշխանութիւնները կամաւորներէ կազմուած զուգահեռ բանակ մը պիտի կազմեն ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելու համար»` շեշտելով. «Նինուէի մէջ ահաբեկչութեան դիմակայումէն բոլոր նահանջողները պիտի պատժուին»:

\n

«Այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ, ամբողջ Իրաքը կը վտանգէ եւ ոչ միայն խմբակ մը», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ահաբեկիչներուն Նինուէի մէջ մնալ պիտի չարտօնենք»:

\n

Մալիքի իրաքեան բանակի սպաներուն կոչ ուղղեց իրենց անձը քննելու, նախաձեռնութիւնը վերստանձնելու, զինեալ ուժերը վերազինելու եւ ահաբեկիչները Նինուէէն վտարելու:

\n

Նինուէի նահանգապետ Ասիլ Նուճէյֆի յայտնեց, որ Մուսուլի եւ Քերքուքի մէջ գտնուող իրաքեան ապահովական ուժերը տարաձայնութեանց պատճառով ընկրկեցան` աւելցնելով. «Բանակի ամէնէն բարձրաստիճան ղեկավարները Մուսուլէն փախուստ տալէ առաջ մեզի սխալ տեղեկութիւններ տուին»: Ան պահանջեց այդ սպաները զինուորական դատավարութեան ենթարկել:

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.