Ատրպէյճանցիներ Ու Թուրքեր Պատրաստ Են «Խրիմը Պաշտպանելու»

\n \n

ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Հաքքին» կայքը կը հաղորդէ, որ «Խրիմը պաշտպանել»ու նպատակով, Ուքրանիոյ օգնութիւն առաջարկած են մօտաւորապէս 5000 արտասահմանցի կամաւորներ: Ուքրանիոյ թուրք-քարափափախներու խորհուրդի նախագահ Տաշկըն Կիւլմամետով նշած է, որ այդ կամաւորներու շարքին են նախկին զինուորականներ եւ հասարակ քաղաքացիներ՝ Ատրպէյճանէն, Թուրքիայէն, Գերմանիայէն եւ Վրաստանէն: Ըստ Կիւլմամետովի՝ կամաւորները պատրաստ են կռուելու Ռուսիոյ դէմ, որովհետեւ «Քրեմլինի յարձակողապաշտ գործողութիւնները կրնան վնասել այլ երկիրներու, մասնաւորաբար՝ Ատրպէյճանին կամ Ղրղզստանին»:

\n \n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.