5-1 Արդիւնքով Յաղթանակ Մը Արձանագրելով`. Արցախի Ֆութպոլի Հաւաքականը Գրաւեց 9-րդ Դիրքը


Չճանչցուած պետութիւններու ֆութպոլի ազգային խումբերու աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ Շուէտի մէջ, Արցախի ֆութպոլի հաւաքականը աւարտեց իր ելոյթները, երբ իր կատարած վերջին մրցումին 5-1 արդիւնքով յաղթեց Լափլանտիոյ: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Արցախի կազմը գրաւեց 9-րդ դիրքը: Արցախի կոլերը նշանակեցին Մանասեան, Պօղոսեան (երկուքական կոլ) եւ Պետրոսեան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.