Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Համապետական Հանրահաւաքը` Բաղրամեան-Դեմիրճեան Փողոցներուն Մէջ

28 մարտին, Բաղրամեան-Դեմիրճեան փողոցներուն մէջ տեղի ունեցաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի համապետական հանրահաւաքը:

Իր ելոյթին ընթացքին ՀՅԴ-ի անդամ Գեղամ Մանուկեան ըսաւ. «Շատերը կ՛ըսեն` երկար ժամանակ է` հանրահաւաք չկար, բայց պայքարը որեւէ վայրկեան Հայաստանի մէջ չէ դադրած: Չէ դադրած Հայրենիքի փրկութեան շարժումի Դեմիրճեան փողոցի շտաբէն մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին գիւղը, այդ պատճառով վարչապետի աթոռը զբաղեցնողը ոչ մէկ վայրկեան կրցած է հանգիստ շրջագայիլ թէ՛ Երեւանի, թէ՛ Հայաստանի ամբողջ տարածքին մէջ»:

Մանուկեան նշեց, թէ ինչպէս նախորդ շաբաթներուն եղաւ, երբ Նիկոլ Փաշինեանը գաղտնագողի շէնքեր կը մտնէր, այդպէս ալ պիտի ըլլայ այնքան ժամանակ, քանի տակաւին ան նստած է վարչապետի աթոռին: «Բոլոր մեր այն հայրենակիցները, որոնք լռած են, կը շարունակեն տունը մնալ, բայց շարժումի ղեկավարներուն կ՛ըսեն, թէ ե՛րբ զայն պիտի քշէք, ըսեմ` ամէն օր, երբ դուք դուրս չէք գար պայքարի եւ տունը կը մնաք, ամէն օր թուրքը աւելի կը մօտենայ ձեր տան»:

Մանուկեան նշեց, որ պայքարող մարդը պէտք է ամէն օր պայքարի, քանի որ միայն ամէնօրեայ պայքարով կարելի է հասնիլ այն նպատակին, զոր  Հայրենիքի փրկութեան շարժումը 11 նոյեմբերէն հռչակած է:

Ան ըսաւ, որ հանրահաւաք կազմակերպելու օրը յատուկէն ընտրուած է, որպէսզի ամէն հայ Ծաղկազարդի տօնին համար եկեղեցի այցելելէ ետք գայ ու մասնակցի հայրենիքը փրկելու պայքարին, սակայն միեւնոյն ժամանակ Նիկոլ Փաշինեանը ընտրած է կրկին գիւղեր այցելելը: «Եզակի դէպք է, որ ղեկավարի պաշտօնը զբաղեցնողը նոյնիսկ Ծաղկազարդի տօնը կ՛արհամարհէ եւ գաղտագողի գիւղեր կ՛այցելէ»:

«Այլընտրանքային նախագիծեր» խումբի անդամ, «Ճշմարտութիւն սերունդների համար» նախաձեռնութեան համակարգող Գեղամ Նազարեան իր ելոյթին ընթացքին յայտարարեց. «Ժողովու՛րդ, մենք ձեզի մինչեւ 2018-ի ապրիլ կ՛ըսէինք` զգո՛ւշ եղէք, մի՛ վստահիք այդ չարագործներուն, հիմա գոնէ Շուշին, մեր երեխաները կորսնցնելէ ետք  ուշադիր լսեցէք` այս ճիւաղները մեզմէ թաքուն որոշեցին, որ մեր տղաքը  պէտք է սպաննեն, Շուշին յանձնեն Ազրպէյճանին, հիմա, նոյն գաղտնիութեան պայմաններուն մէջ, կ՛որոշեն ամբողջ Հայաստանը  յանձնել Թուրքիոյ»:

Իր ելոյթի ժամանակ «Ձայն հայրենեաց» նախաձեռնութեան անդամ, գրականագէտ, Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս Սերժ Սրապիոնեան ըսաւ. «Այս մարդը եկած է քանդելու այս երկիրը, պէտք չէ հաւատանք այն ընտրութիւններուն, որոնց ղեկավարը այս մարդը պիտի ըլլայ: Այս մարդը եկած է ժողովուրդը վերջնական ոչնչացման հասցնելու, որովհետեւ ժողովուրդը երբեք այսքան տխուր Ծաղկազարդ չէ  ունեցած: Գացէ՛ք ու տեսէ՛ք, թէ ժողովուրդը ինչպէ՛ս կը մտնէ եկեղեցիներ, ասիկա այս մարդոց արիւնոտ թատրոնի արդիւնքն է»:

Սրապիոնեան նշեց, որ այս իշխանութեան ներկայացուցիչները, համակիրները ամէն օր կը քարոզեն թուրքին հետ եղբայրութիւն ընելու գաղափարը: Ըստ անոր, ասիկա պայմանաւորուած է անով, որ անոնք որեւէ բան չեն ըրած հայրենիքի համար: «Վաղը թուրքերը պարզապէս պիտի զարնեն ձեր տան դռներն ու բանան, այդ ժամանակ պիտի հասկնաք, թէ երեք տարի ասոնք մեզի ո՛ւր կը տանէին, ի՛նչ վախճան կը  սպասէ մեզի»:

Ան նշեց, որ այս իշխանութիւնը որդեգրած է պաշտօնը պահելու ու պահպանելու գործելաոճ, անոր համար բոլոր կարեւոր կառոյցներուն մէջ աշխատավարձերը կ՛իջնեն, սակայն կը բարձացնեն այն մարդոց աշխատավարձերը, որոնք կը հսկեն իրենց: «Ոստիկաններ, ձեզի կ՛ըսեմ` դուք ձեր պարտքը կը կատարէք, բայց այդ պարտքը որքանո՛վ տրամաբանական է, գացէ՛ք, մտածեցէ՛ք, տեսէ՛ք, թէ այս ժողովուրդի ոստիկանները որոնք են: Այն ժամանակ Փաշինեանը կ՛ըսէր` ոստիկանը մերն է, հիմա ան վստահաբար պիտի ըսէ` ոստիկանը իմն է, ինչ որ կ՛երեւի այսօր»:

«Նիկոլ Փաշինեանը ուժային ձեւերով եւ ոչ թէ օրէնքով կը պահէ իր իշխանութիւնը», հաստատեց Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեանը:

«Ան կաշառեց ոստիկանութիւնը, բայց եթէ կաշառք տան, պարտադիր չէ, որ դիմացինը ընէ այն, ինչ որ կ՛ուզես: Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը դարձաւ Նիկոլի անվտանգութեան ծառայութիւն այս պայմաններուն մէջ, երբ մենք շրջապատուած ենք թշնամիներով», երէկ Բաղրամեան պողոտային վրայ հրաւիրուած հանրահաւաքին ըսաւ Մանուկեանը:

Ըստ Վազգէն Մանուկեանի, խաղաղ ցոյցերով ատիկա չի լուծուիր. «Ուժին պէտք է հակադրել ուժ: Մենք պէտք է կարենանք ստեղծել ուժ: Պէտք է աշխատինք ամէն օր, զբաղինք քարոզչական-գաղափարական աշխատանքով, կազմակերպչական աշխատանքով, պէտք է այցելենք շրջաններ, հանդիպինք եւ ամէն տեղ ստեղծենք մեր կառոյցները, եւ օր մը, ամբողջ ժողովուրդով բարձրանանք ու մէկ-երկու օրուան ընթացքին ոչնչացնենք ամէն ինչ: Այսօրուընէ մենք պիտի նախապատրաստուինք այդ օրուան: Ուժին պէտք է հակադրել ուժ, խաղաղ խօսակցութիւնները չեն օգներ», յայտնեց ընդդիմադիր գործիչը:

Հանրահաւաքի աւարտին Իշխան Սաղաթէլեան ներկայացուց իրենց ընելիքները. «Մինչեւ ապրիլի 22-ը մեր շարժումը պիտի սկսի  մարզերու այցելութիւններ: Երկրորդ փուլը, երբ ինքը հրաժարական տայ, այդ 14 օրերու ընթացքին պէտք է այդ տէ ժիւրէ հրաժարականը դարձնել տէ ֆաքթօ եւ հեռացնել զայն: Եթէ ամէն պարագայի անկախ մեր կամքէն երկիրը երթայ ընտրութիւններու, երկու կարեւոր բան կուսակցութիւնները պարտաւոր են յայտարարել. առաջինը, որեւէ պարագայի մէջ որեւէ կուսակցութիւն, որեւէ ձեւաչափով պիտի չհամագործակցի այդ դաւաճանին հետ: Երկրորդ, այդ ընտրութիւնները պէտք չէ ըլլան սովորական ընտրութիւններ, պէտք է ըլլան դաւաճանը հեռացնելու, հայրենիքը փրկելու ծրագիր ընտրութեան միջոցով»:

Ընդդիմութեան հանրահաւաքի աւարտին տեղի ունեցաւ աւանդական երթը, որ անցաւ Բաղրամեան, Սարեան, Մաշտոց պողոտաներով եւ աւարտեցաւ Ֆրանսայի հրապարակով:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.