Արցախի Ֆութպոլի Հաւաքականը 12-0 Արդիւնքով Յաղթեց

\n

\n

Շուէտի մէջ տեղի ունեցող չճանչցուած պետութիւններու հաւաքականներու աշխարհի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, Արցախի ֆութպոլի հաւաքականը 9-12-րդ դիրքի մրցումին համար ճակատեցաւ Տարֆուրի դէմ:

\n

Այս հանդիպումը աւարտեցաւ Արցախի հաւաքականին յաղթանակով` 12-0 արդիւնքով, երէկ հաղորդեց ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը:

\n

Արցախի կոլերը նշանակեցին Գէորգ Նռանեան, Նորայր Կէօզալեան (4-ական կոլ), Դաւիթ Գրիգորեան (2 կոլ), Կարապետեան (փենալթիով) եւ Արամ Բարեղամեան (մէկական կոլ):

\n

Այժմ Արցախի հաւաքականը 9-10 դիրքին համար պիտի մրցի Լապլանտիոյ դէմ:

\n

 

\n

 

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.