Հայաստանի Բնակչութեան Թիւը Նուազած է 16 հազարով
1268
0
\n
\n
Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան հրապարակած տուեալներուն համաձայն՝ այս տարուան 1 Ապրիլի դրութեամբ, Հայաստանի մնայուն բնակչութեան թիւը կազմած է 3 միլիոն 12 հազար մարդ:
\n
Նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին, համաձայն 2013 թուականի համանման տեղեկագիրին՝ Հայաստանի մնայուն բնակչութեան թիւը եղած է 3 միլիոն 28 հազար մարդ: Այսինքն, պաշտօնական վիճակագրութեան համաձայն՝ Հայաստանի մնայուն բնակչութիւնը նուազած է 16 հազար անձով:
\n