Լիբանանի մէջ հայկական բանակի խաղաղապահ գունդ պիտի տեղակայուի

\n

 

\n

\n

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան Պելճիքայի  մէջ Յունիս 3-ին հանդիպած է Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար տիկին Ռոպերթա Պինոթթիին: Հանդիպման ընէացքին քննարկուած են հայ-իտալական երկկողմանի ռազմական համագործակցութեանն առնչուող հարցեր։

\n

\n

ՀՀ և Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարարները ստորագրած են «Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան և Իտալիայի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան միջև Լիբանանի մէջ Միացեալ Ազգերու Ժամանակաւոր Ուժերուն մէջ  համագործակցութեան և օժանդակութեան մասին» համաձայնագիրը։ Ըստ համաձայնագրին Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՄԱԿ-ի խաղաղապահ UNIFIL-ի իտալական զօրախումբին մէջ պիտի ընդգրկուի հայաստանեան խաղաղապահ գունդ մը։ 

\n

 

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.