Հայկական Բանակին Կորուստները՝ Մայիս 2014ին
\n
\n
ԵՐԵՒԱՆ, «Ռազմինֆօ».– Հայկական զինուած ուժերը (ներառեալ պաշտպանութեան բանակը) 2014 թուականի 1-31 Մայիս ունեցած է 5 զոհ եւ 5 վիրաւոր: Նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով՝ զոհերուն թիւը աւելցած է 3ով: «Ռազմինֆօ»ն հայկական բանակի կորուստները խմբաւորած է ըստ երկու չափանիշներու՝ «մարտական» եւ «ոչ մարտական»: Որպէս մարտական նկատի առնուած են զինադադարի խախտման կամ սահմանագիծին վրայ ականներու պայթումներու պատճառով արձանագրուած կորուստները: Ոչ մարտական կորուստները պայմանականօրէն բաժնուած են քանի մը ենթաբաժիններու՝ սպանութիւններ, անձնասպանութիւններ, առողջական խնդիրներ, դժբախտ պատահարներ (ճամբու արկածներ, զէնքի, զինամթերքի գործածութեան կանոններու խախտումներ, այլ պատահարներ):
\n
«Ռազմինֆօ»ն ցանկերը կազմելու ատեն օգտուած է բացառապէս բաց աղբիւրներէ: Անոնք գերատեսչական աղբիւրներն են՝ պաշտպանութեան նախարարութեան կայքը եւ մամլոյ ծառայութիւնը, բանակի պաշտօնական կայքը, ինչպէս նաեւ թեմային անդրադարձող հայկական լրատուամիջոցները, նաեւ այլ բաց աղբիւրները: Որոշ ճշդումներ կատարուած են նաեւ պաշտպանութեան նախարարութեան քննչական ծառայութեան հասարակութեան հետ կապերու բաժինին հետ:
\n
2014 թուականի Մայիս ամսուան 5 կորուստներէն 3ը մարտական են, 2ը՝ ոչ մարտական: Մարտական կորուստները արձանագրուած են պաշտպանութեան բանակին մէջ, իսկ ոչ մարտականները՝ պաշտպանութեան նախարարութեան զօրամասերուն:
\n
Մարտական կորուստներու բաժինին մէջ արձանագրուած է հետեւեալը. «Մայիսի 20ին հայ-ադրբեջանական զօրքերի շփման գծի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերից մէկի մարտական յենակէտում հակառակորդի գնդակից զոհուել է 1994 թուականին ծնուած զինծառայող, ջոկի հրամանատար, կրտսեր սերժանտ Արթուր Սեյրանի Օհանջանեանը: Մայիսի 21ին Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը կրտսեր սերժանտ Արթուր Օհանջանեանին յետմահու «Մարտական ծառայութիւն» մետալով պարգեւատրելու մասին հրամանագիր է ստորագրել: Մայիսի 25ին հայ-ադրբեջանական զօրքերի առաջնագծի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած բանակի զօրամասերից մէկի մարտական յենակէտում հակառակորդի դիպուկահարից զոհուել է փոխգնդապետ, գումարտակի հրամանատար Գարիկ Էդիսոնի Բալայեանը: Մայիսի 27ի լոյս 28ի գիշերը՝ ժամը 02:55ի սահմաններում, շփման գծի հարաւային ուղղութեամբ ադրբեջանական կողմը ձեռնարկել է հերթական հետախուզադիւերսիոն ներթափանցման փորձ: Հակառակորդի դէմ ծաւալուած մերձամարտում զոհուել է բանակի զինծառայող, եֆրեյտոր, 1995ին ծնուած Էրիկ Վիլենի Գասպարեանը»:
\n
Նկարը՝ Էրիկ Վիլենի Գասպարեան
\n