Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Վատիկան

\n

 

\n

Այս առաւօտ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Վատիկան։ Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը Վատիկան պիտի ընդգրկէ երեք օրեր։     Վեհափառ Հայրապետին պիտի ընկերանան հետեւեալ Առաջնորդ Սրբազանները.- Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան, Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, Գերշ. Տ. Խորէն Եպս. Տողրամաճեան, Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, Գերշ. Տ. Բաբգէն Եպս. Չարեան, Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան եւ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան։ Վեհափառ Հայրապետին այցելութեան նաեւ ներկայ պիտի ըլլան շուրջ ութսուն ազգայիններ ու բարերարներ՝ զանազան գաղութներէ։     Եռօրեայ այցելութեան ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը առանձին հանդիպում պիտի ունենայ Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին հետ, որուն պիտի յաջորդէ պաշտօնական խօսքերու փոխանակում եւ ապա՝ միացեալ կրօնական արարողութիւն։

\n

Վեհափառ Հայրապետը նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենայ Վատիկանի պետական քարտուղարին, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութեանց եւ արեւելեան եկեղեցիներու բաժանմունքներու պատասխանատու կարտինալներուն հետ։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ պիտի այցելէ Սէնթ Էճիտիոյի կեդրոնը եւ Լեւոնեան վարժարանը։ Այցելութեան աւարտին Վեհափառը մամլոյ ասուլիս մը պիտի տայ։     Վեհափառ Հայրապետը Վատիկան մեկնեցաւ լոնտոնաբնակ Ռաֆֆի Մանուկեանի կողմէ տրամադրուած անձնական օդանաւով։

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.