ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

\n

 

\n

Երեքշբաթի, Մայիս 27-ի առաւօտեան, Առաջնորդարանէն ներս տեղի ունեցաւ Գանատայի Հայոց Թեմին Կրօնական Ժողովը, որուն նախագահեց Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպկ. Բարիքեանը:

\n

Թեմիս Կրօնական Ժողովի ատենապետ ընտրուեցաւ Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեան, ատենադպիր՝ Արժանապատիւ Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Փանոսեան իսկ խորհրդական Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Աբղ. Թաշճեան: Թեմիս բոլոր հոգեւոր հայրերը իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն սոյն Ժողովին:

\n

Առաջնորդ Սրբազան Հօր խնդրանքով, Կրօնական Ժողովին ներկայ գտնուեցան նաեւ Գերաշնորհ Տ. Սուրէն Սրբ. Արք. Գաթարոյեան եւ Արժանապատիւ Տ. Արմէն Աւ. Քհնյ. Իշխանեան եւ ի պաշտօնէ՝  Հոգեշնորհ Տ. Գեղարդ Վրդ. Քիւսպէկեան։

\n

Ժողովը բարձրօրէն գնահատական արձանագրեց Թեմիս Անդրանիկ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեանի 12-ամեայ ծառայութեան ի յարգանս եւ յերախտագիտութիւն:

\n

Ժողովը իր օրակարգերու քննարկման սկսաւ Սուրէն Արքեպիսկոպոսի եւ Տէր Արմէն Աւ. Քահանայի սրտի խօսքերէն ետք եւ կեդրոնացաւ հետեւեալ նիւթերուն մասին.-

\n

1.      Յառաջիկայ Կրօնական Ժողովներու թուական եւ վայրերու ճշտում

\n

2.      Առաջնորդ Սրբազան Հօր այցելութեանց ժամանակացոյց

\n

3.      Canadian Council of Churches

\n

4.      Միջ-յարանուանական յարաբերութիւններ

\n

5.      Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Նախաձեռնութիւններ

\n

6.      Սբ. Գրոց Սերտողութիւններ

\n

7.      Քարոզախօսութիւն

\n

8.      Ծիսական Միօրինակութիւն Թեմէն ներս

\n

9.      Ցաւակցութիւններ

\n

10.  «Հայ Տարեցներու Տարի»

\n

11.  Հայեցի Դաստիարակութեան Խորհուրդ

\n

12.  Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդ

\n

13.  ԼՈՅՍ Պարբերաթերթ – Տեղեկատուութիւն – Եկեղեցիներու Թերթիկներ

\n

14.  Մամուլ – Համացանց – Facebook

\n

15.  Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ ձեռնարկներու հովանաւորութիւն

\n

16.  Եկեղեցիներու մտահոգութիւններ

\n

 Ժողովը հասաւ իր աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հօր փակման Խօսքով եւ պահպանիչով:

\n

 

\n

ԴԻՒԱՆ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

\n

 

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.