Սիւզի Քենթիքեան Պաշտպանեց Ախոյեանութեան Իր Տիտղոսը

\n

 

\n

Գերմանիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող թեթեւ կարգի «WBA»-ի աշխարհի ախոյեան, հայ կռփամարտիկ Սիւզի Քենթիքեան պաշտպանեց ախոյեանութեան իր տիտղոսը, երբ յաղթեց հարաւային քորէացի իր մրցակիցին` Տան Պի Քիմի:

\n

9-րդ ռաունտին Սիւզի Քենթիքեանի կողմէ բանեցուած մեծ ճնշումը ստիպեց մրցակիցին ներկայացուցիչներուն այս մենամարտը ընդհատելու:

\n

Այսպիսով, Սիւզի Քենթիքեան յաջողեցաւ յաղթել իր մրցակիցին եւ պաշտպանել «WBA»-ի ախոյեանութեան իր տիտղոսը:

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.