Քեսապի շուրջ բանակը նոր նուաճումներ կը կատարէ

\n

\n

Ալ Մայատին հեռատեսիլի հաղորդագրութեամբ, Մայիս 30-֊ին, սուրիական բանակը յառաջացած է Քեսպաի ճակատային գիծին վրայ։ Բանակը չէզոքացուցած է դէպի Քեսապ ահաբեկիչ զինեալներու Ժապալ Նուսրի մատակարարման ճանապարհը։   

\n

Ըստ նոյն աղբիւրին, Քեսապի մօտակայ թիւ 724 բարձունքը արդէն բանակի հսկողութեան տակ է։

\n

Ալ Մայատին կը յայտնէ, որ թէժ մարտերու ընթացքին սպաննուած զինեալներն ու վիրաւորները կը փոխադրուին Թուրքիա։

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.