ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ՀԱՅ ԶՈՀԵՐ

\n

 

\n

Շաբաթ, 31 Մայիս 2014-ին, Նոր Գիւղի տարբեր թաղամասերուն մէջ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ խաղաղ բնակչութեան վրայ արձակուած հրթիռներուն պատճառով զոհուեցան Ռահէլ Դաւիթեանն ու Միսաք Պարգեւ Պօշկեզէնեանը:

\n

 Միսաք Պօշկեզէնեանին թաղմանական կարգը պիտի կատարուի՝ Կիրակի, 1 Յունիս 2014-ին, ժամը 15.30ին, Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։

\n

Լուսանկարին մէջ․ Միսաք Պարգեւ Պօշկեզէնեան։

\n

Kantsasar

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.