Ուրֆայի եկեղեցին լքուած ու ախոռի վերածուած

\n

\n

Թուրքիոյ Ուրֆա նահանգի (Եդեսիա) հայկական Գերմուշ (Կամուրջ) գիւղի հայկական եկեղեցին, որ 2 տարի առաջ զբօաշրջային կեդոն յայտարարուած էր, կը շարունակուի անխնայ թալանի ենթարկուիլ անյայտ անձերու կողմէ։

\n

Ըստ թրքական Yeniurfagazetesi կայքին, Գերմուշ գիւղի բնակիչները անհանգստացած են, որ 1895 թուականին հայերու կողմէ կառուցուած եկեղեցին 1915-էն ետք բախտի քմահաճոյքին յանձնուած է։

\n

Թէեւ եկեղեցին զբօսաշրջային կեդրոն յայտարարուած է եւ 2013-ին յատուկ մաքրութեան ենթարկուած, սակայն ան կը շարունակէ  մնալ գանձագողերու թիրախը։

\n

Գիւղի բնակիչները նշած են, թէ նախորդ տարի լուր տարածուած էր, որ եկեղեցին կ՚օգտագործուի որպէս ախոռ, որմէ ետք իշխանութիւնները որոշ ժամանակ ուշադրութիւն է դարձուցած են եկեղեցիին եւ ապա դարձեալ մոռցած։

\n

\n

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.