Արցախի բանակը սպառազինուած է լաւագոյն զէնքերով

\n

\n

 

\n

Արցախեան պատերազմի 1994-ի հրադադարի 20-ամեակին առիթով կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Արցախի հանրապետութեան բանակի հրամանատար զօրավար Մովսէս Յակոբեան լրագրողներուն յայտնեց, թէ վերջին երեք տարուան ընթացքին աւելի շատ սպառազինութիւն ձեռք բերուած է, քան 17 տարուան ընթացքին։

\n

Արցախի պաշտպանական բանակի հրամանատարը զգուշացուցած է նաեւ հակառակորդը, յայտնելով որ հայկական զինուած ուժերը ստիպուած պիտի ըլլան պատժիչ գործողութիւններ իրականացնել, քանի որ հակառակորդը միայն այդ լեզուն կը հասկնայ:

\n

Միւս կողմէ ատրպէյճանական շարք մը լրատուամիջոցներ վերստին անդրադարձան Մոսկուայի կողմէ Երեւանի փոխանցուելիք «Իսկանտէր-2» արտաձգային հեռահար հրթիռերուն մասին։ Անոնք յայտնեցին, թէ հրթիւռները շուտով պիտի յանձնուին հայկական բանակին։ «Իսկանտէր-2»-ի հասողութիւնը 400 քիլոմեթր է։ Նշենք, որ Երեւան արդէն ունի «Իսկանտէր» հեռահար հրթիւռներու նախնական տիպի մի քանի կայաններ։

\n

«Իսկանտէր» հրթիւռներու փորձարկումը դիտել հոս՝

\n

https://www.youtube.com/watch?v=2lEGaIkiRL0

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.