Հարցազրոյց Լաւալի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ շինութեան «Հանգանակային մարմին»ի ատենապետ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի հետ

 


Թղթակից.-Եր՞բ առնուեցաւ Լաւալի մէջ նոր եկեղեցւոյ մը շինութեան որոշումը։

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան .- Ինչպէս ծանօթ է բոլորին, Լաւալի Հայ կեդրոնին մէջ, քսան տարիէ ի վեր կը գործէ Ս. Գէորգ Առաքելական եկեղեցին։ Այս եկեղեցին որպէս կառոյց չէր գոհացներ լաւալահայութեան կարիքները: Տարիներէ ի վեր կը մտածուէր ունենալ նորակառոյց եկեղեցի մը: Երկար խորհրդակցութիւններէ ետք, 2013 տարեշրջանի կիսուն, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Տէր Խաժակ Սրբ. Արքեպիսկոպոս Յակոբեանը եւ Ազգային Վարչութիւնը՝ Լաւալի ՀՅԴ Սարգիս Զէյթլեան Կոմիտէութեան եւ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ու Հոգեւոր Հովիւին հետ համախորհրդակցաբար որոշում գոյացուցին կառուցել Լաւալի Հայ կեդրոնի հողաշերտին վրայ նոր եկեղեցի մը:

Թղթակից.- Գործնական ի՞նչ քայլեր առնուեցան որոշումէն ետք:

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան.- Հետեւեալ քայլերը առնուեցան.

– Առաջնորդ Սրբազանը եւ Ազգային Վարչութիւնը համախորհուրդ Լաւալի Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան յառաջացուցին «Շինարարական-ճարտարապետական  յանձնախումբ»ը եւ «Հանգանակիչ մարմինը»:

– Որոշուեցաւ կատարել կառուցուելիք եկեղեցւոյ հողօրհնէքի սրբազան արարողութիւնը: Առաջնորդ Սրբազանը շրջաբերականով մը տեղեակ պահեց Թեմին բոլոր եկեղեցիներուն Հովիւներն ու Հոգաբարձութիւնները առնուած  որոշումին մասին եւ թելադրեց  բոլորին, որ իրենց նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը բերեն Լաւալի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ շինութեան: Նոյն բովանդակութեամբ Ան նամակներ ուղղեց Մոնթրէալի Հայ կեդրոնէն ներս գործող բոլոր մարմիններուն: Առաջնորդ Սրբազանը եւ Ազգային Վարչութիւնը մամուլի հաղորդագրութեամբ մը տեղեակ պահեցին Գանատահայութիւնը Lաւալի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ շինութեամբ:

Թղթակից.- Ե՞րբ տեղի ունեցաւ հողօրհնէքը:

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան.-  Հողօրհնէքի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 3 Նոյեմբեր, 2013-ին, նախագահութեամբ եւ ձեռամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Տէր Խաժակ Ս. Արք. Յակոբեանի: Նախ Եպիսկոպոսական Սուրբ  եւ անմահ Պատարագ մատուցեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Տ. Մեղրիկ Ծ. Վարդապետ Բարիքեան՝ Հոգեւոր տեսուչ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ, Թորգոմ Վարդապետ Տօնոյեան՝ ժամանած Անթիլիասէն, եւ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ արժանապատիւ Տէր Հրայր Աւագ Քահանայ Նիկոլեան: Արաջնորդ Սրբազան Հայրը իր հոգեշունչ քարոզով անդրադարձաւ եկեղեցաշինութեան եւ կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն բերելու իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւնները, որպէսզի իրականանայ նոր եկեղեցւոյ կառուցումը: Պատարագէն անմիջապէս ետք թափoրով եկեղեցական դասը եւ հաւատացեալները ուղղուեցան Լաւալի Հայ կեդրոնի յառաջամասը, ուր կատաուեցաւ պաշտօնական հողօրհնէքի արարողութիւնը, որուն նաեւ իրենց մասնակցութիւնը բերին Արժանապատիւ Հայրեր՝ Տէր Արմէն Աւագ քահանայ Իշխանեան, Տէր Գառնիկ Աւագ քահանայ Գոյունեան եւ Տէր Կոմիտաս քահանայ Միրզախանեան: Ներկայ էին Լաւալի եւ Մոնթրէալի Հայ կեդրոններէն ներս գործող բոլոր մարմիններու ներկայացուցիչները, Ազգային վարչութեան անդամները եւ հոծ բազմութիւն մը: Առաջին բահը զառնուեցաւ հողին եւ խառնուեցաւ Հայաստանէն բեռուած խոր Վիրապի վանքէն ափ մը հողին: Խօսք առաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը եւ շրջանի պատկան մարմիններու կողմէ պրն. Զարեհ Տէրվիշեան: Այս ուրափ առիթով Ազնուափայլ տիկին Հերմինէ Վարդանեան կատարեց 50,000 տոլարի առաջին նուիրատութիւնը եւ անոր յաջորդեցին սրտաբուխ այլ նուիրատուութիւններ:

Թղթակից.- Կարելի՞ է տեղեկանալ Ճարտարապետական յանձնախումբի տարած աշխատանքներուն:

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան.- Շինարարական-ճարտարապետական  յանձնախումբը խորհրդակցաբար Ազգային Վարչութեան եւ Առաջնորդ հօր շինարարութիւնը յանձնեցին ճարտարապետ պրն. Մարտիրոս Պայկընին, որ պատրաստեց ճարտարապետական նախնական գծագրութիւնները: Ասոնք մի քանի հանգրուաններէ ետք վերջնականացան եւ ընդունուեցան Առաջնորդ Հօր, Ազգային Վարչութեան եւ Լաւալի եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ու Հոգեւոր հովիւին կողմէ: Յանձնախումբ եւ ճարտարապետ այժմ անցած են երկրորդ հանգրուանին, այսինք ներքին մանրամասնութիւններու որդեգրումին:

Թղթակից.- Կրնա՞ք կառոյցի մասին մանրամասնութիւններ տալ:

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան.- Նորակառոյց եկեղեցին հանգստօրէն պիտի ընդունի 300 հաւատացեալներ: Ան պիտի ունենայ իր վերնատունը, որ կրնայ պարփակել  մօտաւորապէս 100 անձեր: Եկեղեցին պիտի օժտուի հայկական գմբէթով եւ զանգակատունով: Եկեղեցիին գետնայարկը պիտի կառուցուի 400 աթոռներ պարփակող սրահ մը որ պիտի գործածուի որպէս հասութաբեր աղբիւր: Սրահը պիտի ունենայ իր բեմը եւ լրիւ կազմածներով արդիական մեծ խոհանոց մը:  Առաջին հանգրուանին պիտի շինուի եկեղեցին, իսկ սրահի ամբողջացումը պիտի իրականայ երկրորդ հանգրուանին:

Թղթակից.- Ին՞չ ձեւով տեղի պիտի ունենայ եկեղեցաշինութեան հանգանակութիւնը եւ ին՞չ աշխատանքներ կատարած է հանգանակիչ մարմինը մինչեւ օրս։

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան.-Հանգանակիչ մարմինը մինչեւ օրս կատարած է հետեւեալ աշխատանքները՝

1. Պատրաստած է հանգանակութեան աշխատանքային ընդհանուր ուղեգիծ մը:

2. Պատրատած է նուիրատուութեան խոստմնագրի պատճէնը, որուն համաձայն անհատ մը իր նուիրատուութիւնը կրնայ կատարել մէկ վճառումով եւ կամ ամսական-երկշաբաթական դրութեամբ մէկ, երկու եւ կամ երեք տարուան վրայ:

3. Եկեղեցաշինութեան համար դրամատնային առանցին հաշիւ մը բացած է, որ ոչ մէկ կապ պիտի ունենայ եկեղեցւոյ ընթացիկ հաշիւներուն հետ: Բոլոր նուիրատուութիւններուն փոխարէն  պիտի տրուի անմիջական ստացագիրներ իսկ տարեվերջին տուրքէ զուրկ ստացագիրներ:

4. Ունեցաւ հանդիպումներ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Խաժակ Սրբ. Արքեպիսկոպոս Յակոբեանին, Ազգային Վարչութեան եւ Լաւալի ու Մոնթրէալի Հայ կեդրոններէն ներս գործող մարմիններուն հետ, ապահովելու համար անոնց զօրակցութիւնը եւ նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը:

5. Ունեցաւ հանդիպումներ նաեւ Լաւալի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ անդամներուն, անցեալի եւ ներկայի Ազգային երեսփոխաններու եւ հոգաբարձուներուն, ինչպէս նաեւ  եկեղեցւոյ բոլոր յանձնախուբերու անդամներուն հետ, Լաւալի ՀՕՄ-ի «Շուշի» մասնաճիւղի վարչութեան եւ անդամներուն հետ: Այս հանդիպումներուն ընթացքին,  Մարմինը ներկայացուց եկեղեցաշինութեան ծրագիրը, ճարտարապետական եւ կառուցողական  մանրամասնութիւնները եւ կոչ ուղղեց, որպէսզի բոլորը գործեն որպէս Մարմնի անդամներ եւ իւրաքանչիւրը իր կարողութեան սահմաններուն մէջ բերէ եկեղեցաշինութեան իր նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը: Այս հանդիպումները աւելի արդիւնաւորուեցան  Սուրէն Սրբազան Արքեպիսկոպոս Գաթարոյեանի եւ  Մեղրիկ Ծ. Վարդապետ Բարիքեանի  ներկայութեամբ, որոնք խօսեցան եկեղեցաշինութեան սրբազան գործի կարեւորութեան մասին, փոխանցեցին  օգտաշատ թելադրութիւններ եւ խրախուսեցին ներկաները, որպէսզի գործնապէս եւ անյապաղ իրենց մասնակցութիւնը բերեն եկեղեցաշինութեան հանգանակութեան:

6. Ուսումնասիրելէ ետք Լաւալի Ս. Գէորգ  եկեղեցւոյ անդամացանկը, Լաւալի Հայ կեդրոնէն ներս գործող մարմիններու անդամացանկը եւ կեդրոնի ու եկեղեցւոյ բարեկամներու անուանացանկերը, որդեգրուեցաւ կատարել անհատական եւ հաւաքական հանդիպումներ եւ կամ այցելութիւններ, որպէսզի կարենանք ապահովել բոլորին եկեղեցաշինութեան նուիրատութիւնները: Այս ուղղութեամբ արդէն սկսած ենք հերթաբար կատարել հանդիպումներ եւ այցելութիւններ:

 Թղթակից.- Քարոզչական ին՞չ միջոցներու դիմած էք.

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան.- Պատրաստած ենք բացիկներ, որմազդներ, պիտի օգտագործենք Հորիզոն շաբաթաթերթը, Հայ Հորիզոն հեռատեսիլը,  համացանցը եւ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ կայքը: Տէր Հրայր Նիկոլեանը ունեցաւ Հայ Հորիզոն հեռատեսիլի հետ եկեղեցաշինութեան վերաբերեալ հարցազրոյց մը հողօրհնեքէն ետք: Նմանօրինակ հարցազրոյցներ պիտի ունենանք մօտիկ ապագային: Եկեղեցւոյ հովիւը ամէն Կիրակի, իր քարոզի ընդմէջէն, կ’անդրադառնայ եւ պիտի անդրադառնայ եկեղեցաշինութեան հրամայականին եւ կը հրաւիրէ հաւատացեալները նախանձախնդիր մօտեցումով սատար կանգնելու այս ծրագրին:

Թղթակից.- Ձեր հանգանակային աշխատանքները միա՞յն լաւալահայութեան հետ պիտի իրագործուին։

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան.- Նկատի ունենալով որ Ս. Գէորգ եկեղեցին կը ծառայէ եւ պիտի ծառայէ հիմնականօրէն լաւալահայութեան, մեր աշխատանքը նախ կեդրոնացուցած ենք լաւալահայութեան հետ համագործակցութեան եւ անոր նիւթական նուիրատուութեան վրայ։ Բայց այդ չի նշանակեր, որ մեր թիրախը միայն լաւալահայութիւնը պիտի ըլլայ:  Ս. Գէորգ եկեղեցին Գանատայի Հայոց Թեմին եկեղեցիներէն մէկն է եւ կը վայելէ Թեմին Ազգային Վարչութեան եւ Առաջնորդ Սրբազանին անմիջական հոգածութիւնը, հետեւաբար պիտի դիմենք նաեւ Գանատայի Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն եւ անոնց շուրջը գործող բոլոր մարմիններուն, միութիւններուն եւ անհատներուն: Յանձնախումբը կը գիտակցի այս աշխատանքի դժուարութեան,  սակայն պիտի փորձէ յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները, պիտի այցելէ Լաւալի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ անդամներուն տուները, պիտի թակէ գաղութի հայ ժողովուրդին սիրտերն ու հոգիները, պիտի դիմէ ամէն տեղ իրականացնելու համար եկեղեցաշինութեան հոգեպարար եւ սրբազան գործը, մանաւանդ որ ան պիտի զուգադիպի Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակին:

Թղթակից.- Եկեղեցաշինութեան նախահաշիւը  եղա՞ծ է:

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան .- Ըստ շինարարական-ճարտարապետական յանձնախումբի ուսումնասիրութիւններուն  առաջին հանգրուանին համար, այսինքն՝ եկեղեցւոյ շինութեան համար՝ կը նախատեսուի 2.5 միլիոն տոլարի գումար մը:

Թղթակից.- Մինչեւ օրս ու՞ր հասած է հանգանակութիւնը:

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան.- Մինչեւ օրս եղած են աւելի քան 200,000 տոլարի խոստումներ նուիրատու անհատներէ եւ ՀՕՄ-ի Շուշի մասնաճիւղէն: Մամուլով հերթաբար պիտի յայտարարենք նուիրատուներուն անուանացանկը:

Թղթակից.- Եր՞բ տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ հիմնարկէքը եւ պիտի սկսի շինարարութիւնը:

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան.- Ան կախեալ է մեր ժողովուրդին նիւթական ներդրումէն եւ գործակցութենէն:

Թղթակից.- Հանգանակութիւններէն անկախ այլ նախաձեռնութիւններ պիտի ունենա՞ք նիւթականի ապահովման համար:

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան.- Անշուշտ պիտի ունենանք զանազան այլ միջոցառումներ, որոնք նիւթապէս պիտի նպաստեն եկեղեցաշինութեան, այսինքն պիտի կազմակերպուին մշակութային եւ ընկերային հասութաբեր զանազան ձեռնարկներ:

Թղթակից.- Յարգելի Բժիշկ Հարպոյեան վերջացնելէ առաջ մեր հարցազրոյցը  արդեօք մեր ժողովուրդին փոխանցելիք այլ խօսք մը ունի՞ք: 

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան.- Տարիներէ իվեր սպասուած իրապաշտ եւ անկիւնադարձային որոշում-քայլը առնուեցաւ: Հողօրհնէքը տեղի ունեցաւ, որպէսզի կառուցենք մեր նոր եկեղեցին, որ պիտի ըլլայ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթող մը: Իրագործում մը, որ պիտի մարմնաւորէ ընդհանրապէս Գանատայի Հայոց Թեմին եւ մասնաւորպէս լաւալահայութեան ողջմտութիւնը եւ հաւատքը հանդէպ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ։

Իրագործում մը որ պիտի խօսի եւ փաստարկէ համայն մարդկութեան եւ Հայկական Ցեղասպանութեան իրաւատիրոջ՝ թուրքին, որ հայութիւնը ողջ է, կ՚ապրի եւ կը գործէ  ամէն տեղ, ան ըլլայ Հայրենիքի թէ Հայկական Սփիւռքի ամենէն փոքր գաղութներու մէջ:

Առնուած քայլը յանդուգն է եւ ան պիտի ունենայ պատմական նշանակութիւն:

Նորակառոյց Ս. Գէորգ եկեղեցին պիտի դառնայ «Համազգային» արժէք ունեցող նախաձեռնութիւն-իրագործում մը եւ մեր հաւաքական գոյութեան կռուաններէն մէկը: Ան պիտի ըլլայ  հայ մարդուն մխիթարութեան ապաւէնը եւ յաւերժութեան ապացոյցը, մեր մանուկներուն հայադրոշմ մկրտարանը եւ հայ երիտաարդ-երիտասարդուհիներու  պսակադրութեան եւ նորափթիթ հայ ընտանիքներու կազմութեան միակ սրբավայրը:

Հոնկէ պիտի ղօղանջեն հայ եկեղեցւոյ սրբատառ եւ հայաշունչ մեղեդիները եւ շարականները:

Հոնկէ պիտի ցոլայ «Լուսաւորչի կանթեղ»ը հասնելու համար ամէն հայ տուն:
Կը հաւատանք որ իւրաքանչիւր հայ անհատ պիտի գիտակցի Լաւալի Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ կառուցման անհրաժեշտութեան, պիտի  անսայ իր արեան կանչին, եւ հաւատքի խոր զգացումով, հոգեկան մեծ ապրումով ու խանդավառութեամբ պիտի փութայ ձեռք տալու՝ իր լուման դնելու եկեղեցաշինութեան գանձանակին մէջ եւ հպարտութեամբ պիտի ըսէ՝ «ԵՍ ԱԼ ՔԱՐ ՄԸ ԴՐԻ» եւ շինեցի երկնասլաց, գմբէթաւոր, կոթողայինեւ հայավայել «ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ….»

Կը յուսանք որ Հայկական Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի օրը նորակարոյց Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական եկեղեցիին մէջ Սուրբ պատարագի ընթացքին ղօղանչեն եկեղեցւոյ զանգակները:

Թղթակից.- Շնորհակալութիւն այս շահեկան հարցազրոյցին համար եւ յաջողութիւն ձեր Եկեղեցաշինութեան աշխատանքներուն:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.