Քեսապի եւ Սուրիոյ հայութեան զօրակցական հաւաք
\n
\n
\n
Մայիս 7-ին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Ա. Ահարոնեան» սրահին մէջ կայացաւ ժողովրդային հաւաք ի նպաստ Սուրիոյ հայութեան եւ քեսապահայութեան: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Քեպէգի Սուրիահայութեան օժանդակութեան միացեալ մարմնին կողմէ:
Օրուան հանդիսավար Սուրէն Հաճեանի բացման խօսքէն ետք ցուցադրուեցաւ Քեսապի մասին տեսերիզ մը, զորս պատրաստած էր Յարութ Ասարեան:
Ապա խօսք առաւ օրուան պատգամաբեր, «Հորիզոն» շաբաթաթերթի վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեան, որ յետադարձ ակնարկով մը անդրադառնալէ ետք Սուրիոյ պատերազմին մէջ կլանուած հայ գաղութի կացութեան, անդրադարձաւ Քեսապի հարցին: Ան յատկապէս շեշտեց ըսելով. «Աներկբայօրէն յստակ է թրքական պետութեան գործօն դերակատարութիւնը Քեսապի բախումներուն մէջ, որուն փաստացի վկայութիւնները տարածուած են նաեւ համացանցի էջերուն վրայ, ուր Քեսապի անտառներուն մէջ կը տեսնենք թրքական դրօշը կրող զինեալ խմբաւորումներու լուսանկարները:
«Քեսապի զինուորական գործողութիւնը ռազմական արդի եզրաբանութեամբ «անուղղակի վնաս» (collateral damage) չէ, այլ հաշուարկուած, ծրագրուած ու կանխամտածուած թրքական պետական սադրանք է: Պետական ահաբեկչութիւն է:
«Թրքական կեղծարարութիւնն ու պատմական իրողութիւններու քողածածկումը կամ ուրացումը մեզի համար նորութիւն չեն: Ահաւասիկ թրքական ցեղապաշտ ու ազգայնամոլ դարաւոր քաղաքականութեան շարունակութիւնը։
«Համաշխարհային պատմագրութիւնը մօտակայ ապագային պիտի գրէ այն մասին, թէ Թուրքիոյ այսօրուան իշխանութիւնները յետին ինչ նպատակներով հարուածը հասցուցին Քեսապին եւ իր հայ բնակչութեան, պատմական Հայաստանի սահմանամերձ այն միակ հայկական բնօրրաննին, որուն բնիկ ժողովուրդը, հակառակ բազմաբնոյթ արհաւիրքներու եւ յատկապէս թրքական ցեղապաշտ բռնադատական արարքներու առկայութեան՝ ԴԱՐԵՐՈՎ կառչած մնացած է իր հայրենի հողին եւ լեռնաշխարհին»։
Ապա ուղղակի կապ հաստատուեցաւ Ծովափի շրջանի շտապ օգնութեան գործադիր մարմնի ներկայացուցիչ Կարօ Մանճիկեանի հետ, որ համապարփակ ձեւով ներկայացուց Քեսապի դէպքերուն հետ առնչուող առկայ խնդիրները։
Հաւաքի ընթացքին, Մոնթրէալի «Ազգային Ս. Յակոբ Վարդգէս եւ Աստղիկ Սարաֆեան Նախակրթարան եւ Բաստրմաճեան երկրորդական» վարժարանի 4 աշակերտներ $7111 տոլարի վճարագիր մը յանձնեցին Քեպէգի Սուրիահայութեան օժանդակութեան միացեալ մարմնին: Գումարը հաւաքուած էր մէկ շաբթուան ընթացքին, ամբողջութեամբ աշակերտներու կողմէ կատարուած սրտաբուխ նուիրատուութեանց շնորհիւ:
Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Բերիոյ Թեմի նախկին Առաջնորդ Սուրէն Արք. Գաթարոյեան Սրբազան, որ շեշտեց սուրիահայ գաղութը ոտքի պահելու եւ անոր անսակարկ զօրակցութիւն ցուցաբերելու անհրաժեշտութիւնը:
Հաւաքի աւարտին 15 հազար տոլար գոյացաւ ի նպաստ սուրիահայութեան: Քեպէգի Սուրիահայութեան օժանդակութեան միացեալ մարմնի յաջորդ նախաձեռնութիւնը պիտի ըլլայ Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղի «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբի կողմէ «Երաժշտութեան Ձայնը» թատերախաղի ներկայացումը, որուն հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի նուիրուի սուրիահայութեան:
\n