ՔԻՒՐՏ ԳՈՐԾԻՉ. «ՄԵՆՔ ԱՐԴԷՆ ՈՉ ԹԷ ՊԻՏԻ ՊԱՀԱՆՋԵՆՔ, ԱՅԼ ՊԻՏԻ ԿԱՌՈՒՑԵՆՔ ԻՆՔՆԱՎԱՐ ՔԻՒՐՏԻՍՏԱՆԸ»

\n \n

\n «Ակունք» կայքը կը հաղորդէ, որ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահներէն Սապահաթ Թունջել Թուրքիան մեղադրած է Ռոպոսքի բնակավայրին մէջ քիւրտերու կոտորած կազմակերպելուն համար, որուն ընթացքին սպաննուեցան 34 խաղաղ բնակիչներ։ Քիւրտ գործիչը ցաւով արձանագրած է, որ մինչեւ օրս տակաւին անպատիժ մնացած են նշեալ կոտորածը կատարողները։\n
\n
\n «Ակունք» կը յիշեցնէ, որ Իրաքի հետ սահմանակից Շըրնաք նահանգի Ուլուտերէ (Ռոպոսքի) շրջանին մէջ 2011-ի Դեկտեմբեր 28-ի երեկոյեան թրքական օդուժի «Էֆ-16» տիպի կործանիչները ռմբակոծած էին Իրաքէն Թուրքիա ապրանք մաքսանենգող խմբակ մը։ Աւելի ուշ, Անգարան բացատրած էր, որ քաղաքային անձերը շփոթած է ՔԱԿ-ի (PKK) զինեալներու հետ։ Այդ ռմբակոծումին հետեւանքով սպաննուած էր 34 քիւրտ։ Անոնք Ուլուտերէ շրջանի գիւղերու բնակիչներ էին։\n
\n
Թունջել նաեւ նշած է, որ գալիք ժամանակները դժուար պիտի ըլլան, սակայն այդ դժուարութիւնները պիտի ըլլան յանուն ինքնավար Քիւրտիստանի եւ Թուրքիոյ ժողովրդավարացման։
\n
\n
\n «Մենք արդէն ոչ թէ ինքնավար Քիւրտիստան պիտի պահանջենք, այլ զայն պիտի կառուցենք։ Մենք մեր լեզուով ու մշակոյթով պիտի ինքնակառավարուինք։ Պիտի նպաստենք, որ Թուրքիան եւս փոխուի», ըսած է ան։\n
\n
\n Ներկայացնելով քիւրտերու բանտարկեալ ղեկավար Ապտուլլա Օճալանի հետ ունեցած իր վերջին հանդիպումը՝ Թունջել հաւաստիացուցած է, որ քրտական հարցի լուծման բանակցութիւնները կը շարունակուին, եւ իրենք կարելի ամէն բան պիտի ընեն՝ ռազմական գործողութիւններու վերսկսումը կանխարգիլելու համար։\n
\n
\n «Թուրքիոյ հետ միասին պիտի ժողովրդավարանանք, Միջին Արեւելքի ժողովուրդներու հետ պայծառ ապագայ պիտի ստեղծենք», նշած է քիւրտ կուսակցականը։\n

\n \n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.