ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԱԾ Է «ՀԱՅԵՐՆ ՈՒ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ» 35 ՀԱՏՈՐՆՈՑ ԳԻՐՔԸ

\n

\n

«Ակունք» կայքը կը հաղորդէ, որ թրքական պատմագիտական ընկերութիւնը պատրաստած է «Հայերն ու թուրքերը պատմութեան մէջ» վերնագրով 35 հատորներէ բաղկացած գիրք մը, որուն առաջին 10 հատորի շնորհահանդէսը տեղի ունեցած է վերջերս։ Ընկերութեան նախագահ Մեթին Հիւլակիւ նշած է, որ գիրքին վրայ աշխատած է 350 գիտնական։ «Գիրքին մէջ կը խօսուի թուրքերու եւ հայերու միասնութեան մասին։ Մեր մշակոյթի մէջ պատերազմիլը ամէնէն վերջին ընտրութիւնն է։ Վարչապետի ուղերձն ալ մարդկային զգացումները յառաջ բերող յայտարարութիւն էր», նշած է Հիւլակիւ։

35 հատորներէ բաղկացած գիրքին մէջ տեղ գտած են շարք մը պատմաբաններու յօդուածներ, որոնք կը վերաբերին տարբեր թեմաներու։ Գիրքին մէջ ներկայացուած է պատմութեան թրքական մեկնաբանութիւնը՝ համեմուած իրենց կեղծարարութիւններով։

Այդ տեսանկիւնէն ներկայացուած է միջնադարուն հայերու ապրելակերպը, ընկերատնտեսական կեանքը, հայերը կեդրոնի եւ գաւառներու մէջ, բնակչութեան թիւը, եկեղեցիները, միսիոնարները, հայութեան գաղթը, հայկական հարցի միջազգայնացման հոլովոյթը։

«Այս գիրքին մէջ փորձած ենք ներկայացնել, թէ հայերը երբ եկած են պատմական թատերաբեմ եւ այսօր ինչ վիճակի մէջ են, թուրքերու եւ հայերու միջեւ ե՞րբ երկկողմամանի յարաբերութիւններ ձեւաւորուած են։ Ընդհանուր առմամբ 35 հատոր նախատեսած ենք։ 6-7 հատորը պիտի թարգմանուի անգլերէնի, հնարաւոր է՝ թարգմանուի նաեւ ֆրանսերէնի, գերմաներէնի եւ ռուսերէնի», պատմած է Հիւլակիւ՝ նշելով, որ յաջորդ 10 հատորը պիտի հրատարակուի հոկտեմբերին, իսկ մնացեալ մասը՝ 2015-ի յունուարին։ Ան նշած է նաեւ, որ գիրքի խմբագրական աշխատանքներուն մէջ հայ պատմաբաններու մասնակցութիւնը ակնկալած են, սակայն արձագանգ չեն ստացած։

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.