Ալան Տըլոն, Տասթին Հոֆման Եւ Ատրիըն Պրոտի Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Ֆիլմի Մը Մէջ

\n

\n

 

\n

ԵՐԵՒԱՆ, «Արքա».- Շարժապատկերի ռուսահայ արտադրիչ Վալերի Սահակեան պիտի արտադրէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ժապաւէն մը, որուն գլխաւոր դերերը պիտի ստանձնեն Ատրիան Պրոտի, Տասթին Հաֆմըն եւ Ալան Տըլոն:

\n

 Վալերի Սահակեան «Արմինիա Փրոտաքշըն» շարժապատկերի արտադրութեան ընկերութեան նախագահն է: Անոր մեծ մայրը Ցեղասպանութիւնէն վերապրած է: «1915-ի ջարդի օրերուն, մեծ մայրս կը նետուի բոցավառող թոնիրին մէջ՝ վստահ ըլլալով, որ պիտի մեռնի: Սակայն ան ողջ մնաց եւ ապրեցաւ 11 տարի՝ ինծի պատմելով այն բոլոր սարսափներուն մասին, որոնց ականատես եղած էր», կը պատմէ Սահակեան:

\n

Ան կը ծրագրէ Ալան Տըլոնին տալ «Փէյշընթ» խորագրեալ սոյն ժապաւէնի գլխաւոր դերերէն մէկը: Ֆիլմին նիւթը կը զարգանայ Փարիզի հոգեկան հիւանդութեան բուժարաններէն մէկուն մէջ, եւ անոր հերոսն է Կոմիտաս վարդապետը:

\n

Սահակեան վերջերս կապ հաստատած է Սերժ Թանգեանի հետ, որ համաձայնած է հեղինակել ապագայ ժապաւէնի երաժշտութիւնը: Օսկարակիր դերասան Ատրիըն Պրոտի պիտի ստանձնէ ժապաւէնին գլխաւոր դերը:

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.