Հոլլանտ. «Էրտողանի ուղերձը իմաստալից է, բայց բաւարար չէ»
838
0
\n
\n
\n
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ Ապրիլ 24-ին մասնակցեցաւ Փարիզի մէջ կայացած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակման արարողութեան:
\n
Հանդիսութենէն ետք Հոլանտ պատասխանած է լրագրողներու հարցերուն:
\n
Էրտողանի ցաւակցական ուղերձին անդրադառնալով՝ Ան նշած է, որ իմաստալից խօսք է, սակայն բաւարար չէ:
\n
Ֆրանսայի նախագահը ընդգծած է, որ 1915-ին տեղի ունեցած ողբերգութիւնը մէկ անուն ունի՝ ցեղասպանութիւն: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Հիւրրիէթ» թերթը:
\n
«Յաջորդ տարի ձեզ հետ, ձեր շարքերուն մէջ պիտի չըլլամ, որովհետև Երևանի մէջ կայանալիք Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի արարողութիւններուն պիտի մասնակցիմ»,- յայտարարած է Հոլանտ:
\n