Քեսապի շուրջ բուռն մարտերը կը շարունակուին կը յայտնէ RT

\n

\n

 

\n

Ռուսական RT (Russia Today) հեռատեսիլի կայանը կը յայտնէ, թէ Քեսապի եւ անոր մերձակայ բարձունքներուն շուրջ բուռն բախումները կը շարունակուին։ Սուրիական բանակի ուժերը կը համալրուին նոր ստորաբաժանումներով յաւելեալ ճնշում բանեցնելու համար Թուրքիոյ սահմանէն Քեսապ ներխուժած ահաբեկչական խմբաւորումներու զինեալներուն վրայ։ Սուրիական բանակի ուժերը յատկապէս ճնշումը սաստկացուցած են Քեսապի հարաւակողմէն։

\n

Լիբանանեան «Նաշրա» լրատուական կայքը երէկ հաղորդեց, որ Սուրիոյ բանակը թիրախ դարձուցած է Քեսապի շրջակայքը եւ Քալատուրանի մէջ գտնուող ընդդիմադիր զինեալներու դիրքերը, իսկ սուրիական օդուժը հարուածած է Քեսապի մօտ գտնուող Քոզ լերան եւ Խըրպեթ Սուլասի մէջ գտնուող մեծաթիւ զինեալներ:

\n

Ըստ «փանտուխը.լայվճըրնըլ»-ի, Քեսապի մէջ անցնող օրերու բախումներու ընթացքին սպաննուած ահաբեկիչներու շարքին կան 2 թուրք եւ 7 ազրպէյճանցի: Անոնք ՏԱՀԵՇ-ի անդամներ եղած են:

\n

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.