Թուրքիոյ նոյն ցեղասպան քաղաքականութիւնն է որ կը շարունակուի այսօր Քեսապի մէջ


 

Հայոց Մեծ Եղեռնի 100ամեակի նախաշեմին՝ ականատես կը դառնանք Թուրքիոյ կողմէ շարունակուող հակահայ քաղաքականութեան, որու վերջին դրսեւորումը՝ թուրք-սուրիական սահմանին վրայ գտնուող շրջաններուն մէջ ծայրայեղական ահաբեկչական խմբաւորումներու սանձազերծած բռնարարքներն են Քեսապի ու շրջակայ բնակավայրերուն վրայ եւ հայ բնակչութեան դէմ:

Թուրքիայէն ներթափանցած զինեալներու յարձակումներուն պատճառով սպաննուած են աւելի քան 80 հոգի, պղծուած է Քեսապի հայոց եկեղեցին, կողոպտուած են մեր հայրենակիցներու բնակարանները, տեղահանուած են հայ ընտանիքներ, պարպուած է հայկական Քեսապը իր բնակչութենէն։
Կարելի չէ հանդուրժել թուրք պետութեան մեղսակցութեամբ կատարուած այս յարձակումը, որ արտայայտութիւնն է շարունակաբար կրկնուող Թուրքիոյ հայասպան քաղաքականութեան, ինչպէս կարելի չէ հանդուրժել ազերի վարձկան զինեալներու գործօն դերակատարութիւնը Սուրիոյ պատերազմին մէջ: 
Պէտք չէ նաեւ անտեսել, թէ Թուրքիոյ կողմէ քեսապահայութեան ուղղուած հարուածը, տեղի կ’ունենայ միջազգային հանրութեան աչքերուն առջեւ, որ անգամ մը եւս իր կրաւորական կեցուածքով կը խրախուսէ եւ կը հանդուրժէ Թուրքիոյ ոճրագործութիւնները հայութեան հանդէպ: 
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէն մտահոգութեամբ կը հետեւի բոլոր իրադարձութիւններուն, պատրաստակամօրէն միացնելով իր ջանքերը համայն հայութեան ճիգին՝ օժանդակելու Քեսապի եւ Սուրիոյ գաղութի տառապող հայութեան:
Այս ծիրէն ներս քաղաքական բարձրագոյն մակարդակի հանդիպումներ կը հետապնդէ Յունաստանի պատկան մարմիններուն հետ, շեշտելով յունական պետութեան եւ միջազգային ընտանիքի դերակատարութիւն վերցնելու անհրաժեշտութիւնը: Նոյնպէս՝ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ յայտարարութիւն մը բաժնուած է հելլէն մամուլին՝ Թուրքիոյ դաւադիր յարձակումներու մասին ճշմարտութիւնը հաղորդելու պահանջքով:
Կը պահանջենք Քեսապահայութեան պաշտպանութիւնն ու անվտանգութեան անմիջական ապահովումը, ինչպէս նաեւ իր վերադարձը դէպի խաղաղ կեանք, իր հողերուն վրայ։

Հ.Յ.Դ. ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.