35 երիտասարդ նորագիրներ միացան ՀՅԴ Շուէտի կառոյցի շարքերուն

21 եւ 22 հոկտեմբեր 2017-ը անկիւնադարձային թուական պիտի մնան ՀՅԴ Շուէտի ընտանիքի կազմակերպական կեանքին մէջ:
 
Արդարեւ, յաջորդական երկու օրերու վրայ տեղի ունեցան երկու աննախընթաց իրադարձութիւններ: Շաբաթ 21 հոկտեմբերի երեկոյեան, 35 երիտասարդ նորագիրներ միացան ՀՅԴ շարքերուն, տալով դաշնակցականի իրենց երդումը, կնքահայրութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ` ընկեր Հրանդ Մարգարեանի: Իսկ կիրակի 22 հոկտեմբերին կատարուեցաւ հանդիսաւոր բացում` Սոտերթելիոյ Սարդարապատ ակումբին, նախագահութեամբ ընկեր Հրանդ Մարգարեանի եւ ներկայութեամբ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արտակ Ապիտոնեանի եւ պաշտօնական հիւրերու:
 
Երդման արարողութիւն
 
35 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, ամբողջացնելէ ետք ամիսներու վրայ երկարած իրենց դաստիարակչական ծրագիրը, տուին իրենց երդումը եւ միացան կուսակցութեան շարքերուն:
 
Նորագիրներուն ուղղած իր պատգամին մէջ, ընկեր Հրանդ Մարգարեան յատկապէս նշեց, որ Դաշնակցութեան շարքերուն չեն անդամագրուիր, ինչպէս է պարագան շատ մը կազմակերպութիւններու, այլ` կը զինուորագրուին, որովհետեւ խօսքը կը վերաբերի ազգի ծառայութեան, եւ իւրաքանչիւր դաշնակցական ամէն բանէ առաջ ազգին զինուորն է, Հայ Դատի զինուորագրեալ ծառան է, բառին ամէնէն լայն եւ բազմակողմանի առումով:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.