Video – Նոր Հայ Հորիզոնի Պատրաստած Տեսանիւթը՝ Գանատայի Խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած Քէսապի եւ Քէսապահայութեան Զօրակցութեան Մամլոյ Ասուլիսին


 

Watch the video

https://www.youtube.com/watch?v=l8O6JOt0CUc

 

ՀՈՐԻԶՈՆ.- Քեսապի բռնագրաւման, քեսապահայութեան տեղահանումի հարցով եւ գանատական լրատուամիջոցներու ուշադրութիւնը Քեսապի հարցին վրայ հրաւիրելու նպատակով , Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը նախաձեռնեց մամլոյ ասուլիս մը Օթթաուայի մէջ, որ տեղի ունեցաւ երեքշաբթի 25 Մարտին, առաւօտեան ժամը 11:00ին Օթթաուայի խորհրդարանի մամլոյ գրասենեակին մէջ: նախաձեռնութեան կազմակերպական աշխատանքներուն օժանդակեց Գանատայի խորհրդարանի անդամ Ճիմ Գարիճիանիս: Գանատայի Շրջանային Հայ Դատի յանձնախումբի կողմէ խօսք առին Զօհրապ Մալէք եւ Կարին Յովսէփեան: Ներկայ էին գանատացի երեսփոխաններ՝ Քոսթաս Մէնէնկաքիս, Ճո Տանիըլ, Չանկսէն Լիանկ, Հարոլտ Ալպրէխթ, Խօսէ Նիւնէզ-Մէլօ: Ներկայ էր նաեւ Սթէֆան Տիոնի գրասենեակէն ներկայացուցիչ մը:

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, կոչ ուղղուեցաւ Գանատայի վարչապետ Սթիվըն Հարփըրի եւ Գանատայի կառավարութեան, որպէսզի ճնշում բանեցնեն Անգարայի վրայ դադրեցնելու Ալ Քայիտայի օժանդակելու քայլերը եւ ահաբեկչական զինեալ կազմակերպութիւններուն արգիլելու Սուրիա-Թուրքիա սահմանակէտը օգտագործել իբրեւ յարձակումներու տարանցիկ ճանապարհ։

Յանձնախումբը նաեւ դիմեց Գանատայի կառավարութեան, որպէսզի ան կոչ ուղղէ հակամարտ կողմերուն բախումները դադրեցնելու եւ խաղաղ բնակչութեան բնակավայր վերադառնալու առիթ ստեղծելու։ Վարչապետ Հարփըրի կոչ ուղղուեցաւ, որ ան Սուրիոյ տրամադրուող գանատական 353 միլիոն տոլար մարդասիրական օժանդակութեան մէկ բաժինը տրամադրելու Քեսապի տեղահանուած հայութեան։

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.