Գանատա իր խոր մտահոգութիւնը կը յայտնէ Ալ Քայիտայի զինեալներու կողմէ Քեսապի վրայ կատարուած յարձակման առիթով

\n

\n

Դեսպան Պենէթի հետ հանդիպման ընթացքին

\n

ՀՈՐԻԶՈՆ.- Մարտ 24-25, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի տնօրէն Ռուբէն Գույումճեան եւ Գանատահայոց Առաջնորդարանի կառավարական յարաբերութեանց գրասենաեկի տնօրէն Յակոբ Արսլանեան Քեսապի եւ անոր հայութեան հարցով քաղաքական հանդիպումներ ունեցան Օթթաուայի մէջ։

\n

Հանդիպումներու շարքին էր Գանատայի Կրօնքի Ազատութեանց գրասենեակի տնօրէն Անտրիւ Պենէթի հետ։ Դեսպան Պենէթին յստակօրէն ներկայացուեցաւ Քեսապի մէջ տիրող կացութիւնը։

\n

Մարտ 25-ին, դեսպան Պենէթ յատուկ հաղորդագրութեամբ մը գանատական կառավարութեան խոր մտահոգութիւնը դրսեւորեց Քեսապի հարցով։ Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Գանատա իր խոր մտահոգութիւնը կը յայտնէ Ալ Քայիտայի զինեալներու կողմէ Քեսապի վրայ յարձակումին գծով, որուն իբրեւ հետեւանք Քեսապի հայ բնակչութիւնը տեղահանուած է իսկ հայկական եկեղեցիները սրբապղծուած են։ Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ նման բռնարարքներու պատասխանատուները պէտք է արդարութեան դիմաց պատասխանատուութեան կանչուին։

\n

Քեսապի հարցով հանդիպումներ կայացան նաեւ խորհրդարանի անդամներ Հարըլտ Ալպրէխթի, Ուէյն Մարսթընի, Թայրոն Պէնսքինի, Սթեֆան Տիոնի, Իրուին Քոթլէրի, Կէրի Շէլէնպըրկըրի եւ Էնտրու Քաշի հետ։

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.