Գանատայի խորհրդարանի անդամ տոքթ. Հարոլտ Ալպրէխթ Քեսապի հարցով ելոյթ ունեցաւ խորհրդարանի նիստին – video

\n

\n

 

\n

ՀՈՐԻԶՈՆ.- Գանատայի խորհրդարանի Մարտ 25-ի նիստին, Պահպանողական կուսակցութեան անդամ եւ Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան նախագահ տոքթ. Հարոլտ Ալպրէխթ Քեսապի մէջ կատարուած վերջին իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ ելոյթ ունեցաւ։

\n

Ան իր խօսքին մէջ յատկապէս շեշտեց, որ սուրիական քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, կրօնական եւ համայնքային փոքրամասնութիւններ թիրախ կը դառնան բռնութիւններու։ Շարունակելով իր խօսքը, ան յայտնեց, թէ անցնող օրերուն, Քեսապի շրջանի հայութիւնը թիրախ դարձաւ բռնարարքներու արմատական ժիհատականներու կողմէ։ Իր խօսքի աւարտին, ան հարց տուաւ, թէ Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ի՞նչ ունի ըսելիք իր նշած հարցին մասին։

\n

Արտաքին գործոց նախարարութեան խորհրդարանանական քարտուղար-բանբեր Տէյվիտ Անտըրսըն պատասխանեց տոքթ. Ալպրէխթի հարցին, յայտնելով, որ  իրենց համայնքային կամ կրօնական պատկանելիութեան պատճառով անհատները բռնութեանց թիրախ դարձնելը անընդունելի է եւ մարդկային իրաւանց խախտում է։ Ան յիշեցուց, որ Գանատան 353 միլիոն տոլար տրամադրած է Սուրիոյ, իբրեւ մարդասիրական օժանդակութիւն։

\n

Տեսանիւթը դիտել հոս՝

\n

http://www.youtube.com/watch?v=On5_Zi02YpE&list=UUZ9NfmybFtuiKPnDnjZcbng

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.