ԼՂՀ ԱԳ Նախարարը ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերուն Հետ Քննարկած Է Արցախի Միջազգային Ճանաչման Հարցը

\n

\n

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան 24 Մարտին ընդունած է ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչները, որոնց հետ քննարկած է Արցախի միջազգային ճանաչման հարցը:
\n Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ արտաքին գործոց նախարարը կարեւոր նկատած է նման հանդիպումներու կայացումը՝ միացեալ քայլերու կարելիութիւնները քննարկելու եւ համագործակցութեան օրակարգը ընդլայնելու առումով:
\n Հանդիպման ընթացքին կարծիքներ փոխանակուած են շարք մը հարցերու, որոնց կարգին Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ հակամարտութեան կարգաւորման ներկայի հանգրուանին եւ Արցախի միջազգային ճանաչման գործընթացին վերաբերեալ: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ տարածաշրջանային վերջին զարգացումներուն:
\n Հանդիպման աւարտին նախարար Կարէն Միրզոյեան ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն յանձնած է Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան յուշամետալներ:

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.