Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան կը պարգեւատրուի «Վաչագան Բարեպաշտ» մետալով
1765
0
Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը ստորագրած է հրամանագիր, որուն համաձայն՝ Հայրենիքին, Հայ եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին մատուցած նուիրեալ ծառայութեան եւ վաստակին համար եւ ծննդեան 60-րդ տարեդարձին կապակցութեամբ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը կը պարգեւատրուի «Վաչագան Բարեպաշտ» մետալով: