Խրիմի հայկական գաղթօճախի պատմականը – Միջնադարու հայկական մեծագոյն գաղութը (Դ.)


 

ԹԷՈԴՈՍԻԱ ԵՒ ԱՅՎԱԶՈՎՍՔԻՆԵՐԸ

19-րդ դարու 50-70ական թուականներուն Թէդոսիոյ հայկական գաղութին մէջ հասարակական մշակութային կեանքը վերելք ապրած, որուն մէջ մեծ եղած է Յովհաննէս եւ Գաբրիէլ Այվազովսքի եղբայրներու աւանդը։1858-ին, Նոր Նախիջեւանի ու Պեսարապիոյ հայկական թեմի առաջնորդ Գաբրիէլ արք. Այվազոսքին, հայ ժողովուրդի արեւելահայ եւ արեւմտահայ հատուածներու հետ աւելի սերտ կապեր հաստատելու նպատակով, թեմի կեդրոնը Քիշնեւէն փոխադրած է Թէոդոսիա։ 1860-էն հոն հրատարակած է Փարիզի «Մասեաց աղաւնի» թերթը։ 1858-ին, հիմնադրած է Խալիբեան ուսումնարանը, 1860-ին, ուսումնարանին կից հիմնած է տպարան, որու հրատարակած հարիւրաւոր գիրքերու զգալի մասը եղած են դասագիրքեր։ 

Մշակութային կեանքի նշանակալի դէպք մըն էր 1880-ական թուականներուն Թէոդոսիոյ մէջ նկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի (նկարը) թանգարանի հիմնադրումը։ Թէոդոսիոյ մէջ անոր տունը հայերու համար եղած է իւրայատուկ ուխտատեղի։ Իր թանգարանը Այվազոսքին նուիրած է Թէոդոսիա քաղաքին։ Հայ մեծ ծովանկարիչը նիւթապէս օգնած է քաղաքի հայկական եկեղեցիներուն նորոգման, անձամբ նկարազարդած է անոնցմէ մէկ քանին։ 1899-ին, ան Թէոդոսիոյ Ս. Սարգիս եկեղեցիին կտակած է Սուտակի հովիտի մէջ գտնուող իր կալուածի պատկառելի մասը, որու վաճառքէն ստացուած 50 հազար ռուբլիի տոկոսները մինչեւ 1920 ծախսուած են եկեղեցւոյ եւ ծխական դպրոցի կարիքներու համար։ Նկարիչի նախաձեռնութեամբ եւ միջոցներով երեք հայկական աղբիւրներու (Քափանակ, Մելիքեան, Կուսական) ջուրը 1888-ի սեպտեմբերի 18-ին խողովակներով հասցուած է Թէոդոսիա եւ քաղաքի բնակչութեան ապահոված է խմելու ջուր։ Թէոդոսիոյ ջրմուղի բացման կապակցութեամբ «Բազմավէպ» ամսագիրը 1888-ին (էջ 44) գրած է.«Մեծանուն նկարիչին կարծես ի վերուստ ճակատագիրը շնորհած է, որ ան ջուրով անմահացնէ իր անունը, ամէնքը հիացած են անոր ծովանկարներով, իսկ հիմա ալ՝ Թէոդոսիա հասցուցած խմելու համեղ ջուրով»։ Թէոդոսիոյ այդ աղբիւրը Նիքոլա ցարի առաջարկով կոչուած է Այվազեան։ Յ.Այվազովսքին գործոն մասնակցութիւն ունեցած է երկաթուղիի կառուցման, նաւահանգիստի նորոգման եւ այլ գործերու մէջ։ 

Խորհրդային տարիներուն, Խրիմի հայկական միւս գաղթավայրերուն նման, Թէոդոսիոյ հայութեան ազգային-մշակութային կեանքը անկում ապրած է։ 1944-ին, տեղւոյն հայերը եւս տեղահանուած են։ 1990-ին, սկսած է քաղաքի հայ համայնքի վերստեղծման հոլովոյթը։ Ներկայիս համայնքին մէջ կը գործեն կիրակնօրեայ հայկական դպրոց, եկեղեցի, Խրիմահայոց ընկերութեան տեղական բաժանմունքը։

ՔԱԶԱՐԱԹ

Քազարաթ հայկական բերդապահ գիւղաքաղաքը հիմնադրուած է 14-րդ դարու սկիզբը։ Տեղւոյն հայ իշխաններու գլխաւորութեամբ այստեղ պահուած է հայկական զօրք՝ Սուրխաթ եւ Քաֆա տանող ճամբաները թաթարական ասպատակութիւններէն պաշտպանելու համար։ Գործած են քանի մը հայկական եկեղեցիներ, ստեղծուած են հայերէն ձեռագրեր։ Հիմնայատակ աւերուած է, հաւաբանար, 1475-ին, թուրք-թաթարական ուժերու կողմէ Քաֆայի դէմ կատարուած տեւական յարձակումներու ժամանակ։

ՔԵՐՉ

Քերչ (Փանթիքոփէոն) քաղաքին մէջ հայկական համայնք եղած է ճենովացիներու առեւտրական գաղութատիրութեան ժամանակ, երբ հայերը էական դեր ունեցած են Հիւսիսային Կովկասի, մանաւանդ Չերքէզիոյ հետ կատարուող առեւտուրին մէջ։ 15-18-րդ դարերուն Չերքեզիոյ հետ առեւտրական յարաբերութեանց սերտացման իբրեւ արդիւնք նշանակալից թիւով խրիմահայեր այստեղ հաստատուած են։ Ռուսիոյ միանալէ ետք, Քերչի մէջ հայերու թիւը աստիճանաբար աւելցած է եւ 20-րդ դարու սկիզբը հասած է շուրջ 1600-ի։

19-րդ դարուն, Քերչ դարձած է Ռուսական կայսրութեան առեւտրական կարեւոր կեդրոններէն մէկը, եւ տեղւոյն հայերու միջոցով իրականացուած է Ազովի ծովի աւազանի երկիրներու եւ արտասահմանի հետ կատարուող առեւտուրի նկատելի բաժինը։ Նշանակալի թիւով հայեր աշխատած են քաղաքի արդիւնաբերական ձեռնարկներուն, նաւահանգիստին մէջ։ 19-20-րդ դարերուն համայնքին մէջ գործած են հայկական եկեղեցի, ծխական դպրոց, հոգաբարձութիւն։

1990-ին, սկսած է 1944-ին արտաքսուած հայերու վերադարձը Քերչ։ Ներկայիս կը գործեն կիրակնօրեայ հայկական դպրոց, Խրիմահայոց ընկերութեան տեղական բաժանմունքը։

(Դ. մաս – շարունակելի)

Յօդուածի Ա., Բ., Գ. բաժինները կարդալ հոս՝

http://www.horizonweekly.ca/news/details/33917

http://www.horizonweekly.ca/news/details/34052

http://www.horizonweekly.ca/news/details/34284


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.