Յոյս ներարկենք Լիբանանահայութեան

«Մեծագոյն սէրը այն սէրն է, որով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր ընկերներուն համար» (Յովհաննէս 15.13)

Վահագն Գարագաշեան

Անցնող կիսադարուն, պատերազմներու եւ ներքաղաքական առճակատումներու դաժան բովէն անցած Լիբանանը, այսօր դէմ յանդիման կը գտնուի մարդասիրական ահաւոր ճգնաժամի։ Երկրի տնտեսական համակարգը կաթուածահար է, համավարակը անդամալուծած է երկիրը, ժողովուրդը աղքատութեան անդունդի եզրին է։

Օրըստօրէ յաւելում կրող հազարաւոր գործազուրկ զանգուածներով եւ աղքատութեան դռները թակող քաղաքացիներով, Լիբանանը սնանկացման եզրին է։

Երկրի ընկերային  զարգացման անհամաչափութեան խորացումը, 2 միլիոն սուրիացի եւ պաղեստինցի կարիքաւոր գաղթականներու ծանր բեռը եւ սննդամթերքի ծայրահեղ գնաճը կրնան յանգեցնել պարէնային անապահովութեան ճգնաժամի եւ համատարած թերսնուցման։

Լիբանանի տնտեսութեան նախարարի խոստովանութամբ, մինչ տարեվերջ, բնակչութեան 60 տոկոսը ամենայն հաւանականութեամբ կրնայ թեւակոխել աղքատութեան շեմը։

Բնակչութեան եկամուտներու կտրուկ անկումը, աննախադէպ սղաճն ու չքաւորութեան չափանիշային աճը խոցելի դարձուցած են երկրի ընկերային ողջ համակարգը։

Մէկ խօսքով՝ լիբանանցի քաղաքացին առողջապահական եւ ընկերային ամենէն տարրական կարիքներու բաւարարման հնարաւորութիւններէն զուրկ է այսօր: Տնտեսական եւ ընկերային ներկայ իրավիճակի անկանխատեսելիութիւնը ևս բացասացական իր ներգործութիւնը կ՚՚ունենայ ժողովուրդի կենսամակարդակի գահավէժ անկումին։

Վերոնշեալ տագնապի ոլորապտոյտէն անմասն չեն նաեւ Լիբանանի մեր քոյրերն ու եղբայրները։ Այսօր, Լիբանանահայ համայնքին մէջ գոյութիւն ունի անապահով խաւ, որուն կարիքներուն միշտ հասած են հայ բարեսիրական ու ազգային համապատասխան կազմակերպութիւններն ու կառոյցները։ Ներկայ դրութեամբ, վերոյիշեալ կազմակերպութիւններու մատակարարման աղբիւրներն ու միջոցները սպառելու եզրին են։

Վտանգուած է Լիբանանահայ ընտանիքը։ Ճգնաժամի մէջ են համայնքի բարօրութեան վերահսկող բարեսիրական կառոյցները։

Ճիշդ է, որ համաշխարհային համավարակի առթած տնտեսական տագնապի ճիրաններուն մէջ սեղմուած են Արեւմտեան Սփիւռքի գաղութները եւս, սակայն պահն է, որ ողջախոթութեամբ մեր հայեացքները սեւեռենք աւելի աննպաստ կացութեան մէջ գտնուող հայրենակիցներուն օգնելու նպատակին

Առաջին հերթին, Արեւմտեան աշխարհի Սփիւռքի լիբանանահայերը պէտք է անսան օգնութեան կանչին։ Եւրոպայի, Հիւսիսային Ամերիկայի կամ Աւստրալիոյ մէջ ապրող բոլոր լիբանանահայերու յիշողութեան մէջ պայծառ են այն եղբայրական մարդասիրական դրուագները, երբ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, Պուրճ Համուտի հայութիւնը ձեռք կ՚երկարէր Անթիլիասին կամ փոխադարձաբար։ Ինչպէս Այնճարի հայութիւնը, իր դռները լայն բանալով իր գրկին մէջ կ՚առնէր պատերազմի պատճառով տուժած բազմահազար անպատսպար հայրենակիցներ եւ թէ ինչպէս ամբողջ համայնքը ինքնատիրութիւն կը կատարէր՝ տէր կանգնելով իր եղբօր եւ քրոջ։ Այդ եղբայրասիրութիւնը իր արգասիքը պէտք է ունենայ նաեւ այսօր։ Պարտական ենք մանաւանդ քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին հայութեան ապահովութիւնը երաշխաւորած նահատակ տղոց պահակագունդին։

Ժամն է ողջախոհութեամբ պահուան կշռադատումը կատարելու եւ մեր խիղճերը լուսաւորելու։ Պահն է անդրադառնալու, որ մեր իրավիճակէն աւելի վատթար կացութեան մէջ գտնուողներուն մռայլ օրը պայծառացնելու ժամանակն է։ Անկեալ ընկերոջ օգնելը՝ մարդկային վսեմ առաքինութիւն է։

Եղբայրութեան եւ ընկերութեան մասին հայ գրականութեան ռահվիրայ բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի տողերը ինքնաբացատրական են.

Ես – եղբայրդ՝ տուայտանքով քո հոգու,

Ես – ընկերդ՝ սրտիդ զարկով բաբախող,

Հարազատդ փարուած կրծքիդ սրախող,

Մի վառ յոյսով խոր վէրքերդ եմ ամոքում:

Իւրաքանչիւրս բոյլ մը յուշ ունի Լիբանանէն։ Իւրաքանչիւրս տակաւին սրտամօտ հարազատ, ընկեր ու բարեկամ ունի հոն։ Պահն է որ մեր սրտերէն յոյսի ճառագայթներ ներարկենք Մայրիներու երկրի մեր հարազատներուն։

Օրեր առաջ, Գանատայի մէջ կեանքի կոչուեցաւ Լիբանանահայութեան օժանդակութեան Գանատայի մարմինը, որ իր առաքելութիւնը դարձուցած է՝ սատար հանդիսանալ Լիբանանի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն։

https://acc.akaraisin.com/Donation/Event/DonationInfo.aspx?seid=22523&mid=48

Բոլորիս սրտին խորը անթեղուած է քրիստոնէաշունչ, մարդկային հոգին արարող կատարելատիպ այն իտէալը, որ կը կոչուի՝ օգնել…

Պահն է, որ անմնացորդ, անշահախնդիր եւ անանձնական նուիրումով միանանք լիբանանահայութեան օժանդակութեան առաքելութեան։

Մասնակցի՛նք այս նուիրահաւաքին։

Հասնի՛նք լիբանանահայութեան:

Յոյսի ճառագայթ ներարկենք լիբանանահայութեան։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.