Տ. ԱՐՄԷՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ԻՇԽԱՆԵԱՆԻ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՕԾՄԱՆ 40-ԱՄԵԱԿ

 

Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեան, Թեմիս Հոգեւորականաց Դասն ու Ազգային Վարչութիւնը կը շնորհաւորեն Տ. Արմէն Աւ. Քհնյ. Իշխանեանի Քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 40-ամեակը:

40 տարիներու ծառայական վաստակով ու հոգեւոր կեանքի յանձնառութեամբ, Տէր Հայրը միշտ առողջ պահեց քրիստոնէական հաւատքի եւ ազգային ինքնութեան կենսատու կապը: Կ՚աղօթենք առ Աստուած, որ Տէր Արմէնին պարգեւէ մշտական առողջութիւն եւ մտքի արթնութիւն, որպէսզի շարունակէ իր եկեղեցական նուիրեալ կեանքը:

ԴԻՒԱՆ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.