ԻՆՉՈՒ՞ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԱԾ Է ՍԵՒԱՆ ՆՇԱՆԵԱՆԸ
Ստորեւ, լոյս կ՛ընծայենք Թուրքիոյ “Ռատիքալ“ եւ “Զաման“ օրաթերթերու աշխատակից, նաեւ փաստաբան, լրագրող եւ մարդկային իրաւանց հարցերու ջատագով` Օրհան Քեմալ Ճէնկիզի մէկ յօդուածը.-
Թուրքիան դրախտավայր մըն է մասնաւորաբար երբ հերթը կու գայ ապօրինի շինարարութեան: Հազարաւոր շէնքեր կան Իսթամպուլի մէջ որոնք շինուած են առանց արտօնագրի, կամ` շինուած են հակասելով քաղաքային արտօնագրի կանոնները: Զննէ՛ կաշառքի վերջին պարագանեները որ տեսնես թէ շինարարութեան արտօնագրերը զեղծարարութեամբ կամ այլ ձեւերով ինչպէս ձեռք կը ձգուին:
Այո՛, ապօրինի շինարարութիւններու դրախտավայր է Թուրքիան, բայց կը թուի թէ բանտարկած ենք միայն մէ՛կ անհատ , որ իր ունեցած հողին վրայ կարծեցեալ ապօրինի շինարարական շէնք մը կառուցած է: Եւ այդ անհատը Սեւան Նշանեանն է:
Նշանեանը շատոնց կ’ապրի Իզմիրի Շիրինճի գիւղը: Կ’ըսուի թէ ան այս անյայտ շրջանը զբօսաշրջիկներու համար գլխաւոր ու գրաւիչ վայր մը դարձուց: Նշանեանը հայ ծագումով Թուրքիոյ քաղաքացի մըն է: Ան այնպիսի հակադարձ մտաւորական մըն է, որ վրդովեց մեր ընկերութեան զանազան հատուածները: Քեմալականները, իսլամականները, ձախակողմեաններն ու իգական սեռի իրաւունքներուն ջատագով (ֆէմինիստ) եղող անհատները, եւ այս բոլո՛րն ալ, ունին իրենց իւրայատուկ պատճառները ատելու Սեւան Նշանեանը: Նշանեանը ծայրայեղօրէն բացայայտ անձնաւորութիւն մըն է , եւ հոգը չէ թէ իր մտածելակերպին պատճառով ուրիշներ զինք կ’ ընդունին կամ ոչ:
Ան շարունակաբար Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը Թուրքիոյ կառավարութեան ծրագիրներուն մէջ կը մտցնէ:
Եւ հիմա, ան երկու տարի բանտարկաութեան ենթարկուած է Թորպալի բանտին մէջ: Սեւան Նշաշեանը բանտարկուած չէ հայկական ցեղասպանութեան մասին ըսած իր խօսքերուն համար, ո՛չ ալ իր արտայայտած այն մտքերուն` որոնք ընդունուեցան իբր անարգանք ուղղուած իսլամական կրօնքին, եւ անոնց պատճառով իսկ ան 11 ամիս բանտարկուեցաւ:
Այսօր ան բանտարկուած է ապօրինի՜ շինարարութիւն մը իրագործած ըլլալուն պատճառով…
Կրնա՞ք հաւատալ:
Բանտ մտնելէ առաջ Նշանեանը խօսած է վեթերան լրագրող Հասան Ճեմալի հետ: Դառն են իր խօսքերը եւ գրգռիչ: Նշանեանը ըսած է.
“Ամբողջ կեանքիս ընթացքին փորձեցի լաւ բան մը ընել մարդոց: Եւ փոխարէնը ի՞նչ ստացայ: Իշխանութենէն միշտ ստացայ կասկած,թշնամութիւն եւ բռնապետութիւն: Ստիպուած էի միշտ բարոյական եւ քաղաքական նախապաշարումներու հանդէպ անպատկառութեամբ եւ արհամահանքով մօտենալ: Հինգ կառավարութիւններ, ութը ենթակառավարիչներ, եւ չեմ գիտեր քանի նախարարներ եւ քաղաքապետներ փոխուեցան: Երբեմն քանի մը պարկեշտ մարդիկ կու գան եւ նոր յոյսեր կը ծագին մեր մէջ. բայց յետոյ… ոչի՛նչ կը փոխուի:“
“Ակօս“ շաբաթաթերթին մէջ նախապէս իր ըրած դիտողութիւններով Նշանեանը վերլուծած է իսկական շարժառիթը իր բանտարկութեան:“Ակներեւ է որ իմ հայ ըլլալը դեր կը խաղայ այս գործարկութեան մէջ:Թուրքիոյ մէջ, ան որ տուփէն դուրս ելլէ կը պատժուի, նոյնիսկ եթէզուտ թրքական մականուն ունենայ: Իսկ եթէ տուփէն դուրս ելլողը հայէ, պատիժը կը բազմապատկուի:“
Թերեւս հարցը հետեւեալ ձեւով պէտք է դնել:
Եթէ Նշանեանը հայ չըլլար, եթէ ան հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսած չըլլար, եւ եթէ ան իր արտայայտութիւններով իսլամականները խռոված չըլլար, այսօր` միթէ ան բանտարկուած պիտի ըլլա՞ր:
Սոսկալին այն է, որ այլ պարագաներ, խնդիրներ ալ կան որոնք նոյնպէ՛ս կը կը դատապարտեն Նշանեանը կարծեցեալ ապօրինի շէնքեր կառուցած ըլլալուն համար: Եթէ ասոնցմէ ամեն մէկուն համար նոյնպիսի պատիժ մը ստանայ, ան իր ամբողջ կեանքը բանտին մէջ կրնայ անցնել:
Պատմական հեգնանք մը ըլլալ կը թուի կառավարութեան ըրածը: Որովհետեւ մինչ հո՛ս` պետական իր ազդեցութեան եւ կարողութեան մէջ գտնուող բոլոր կարելիութիւնները օգտագործելով կառավարութիւնը կը փորձէ սանձել խոշոր կաշառակերութեան մը խուզարկման խնդիրը (միլիոնաւոր տոլար արժող կաշառակերութիւն մը` շինարարական արտօնագրեր ձեռք ձգելու համար…), իսկ հոն` Սեւան Նշանեանը բանտ կը նետուի իրեն պատկանող 40 քառակուսի մեթրին վրայ շէնք մը կառուցած ըլլալուն համար: կարծես կատակ մըն է …: Բայց այս կատակը ահռելի հետեւանք ունի: Որովհետեւ` կը ձգտի լռեցնել քննադատող այնպիսի ձայն մը, եւ այնպիսի մէկ պահուն, որուն կարիքը զգալի է առաւելապէս նոյն այդ պահուն:
Գրեց` Օրհան Քեմալ Ճէնկիզ “Զաման“
Թարգմանեց` Յարութիւն Մըսրլեան