«Սփիւռքի հայութիւնը կը զօրակցի Ջաւախքին». հարցազրոյց Գանատայի «Լոռի-Ջաւախք» յանձնախումբի անդամ Ալեք Օհանեանի հետ

Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի մէջ շուտով պիտի կայանան Գանատայի «Լոռի-Ջաւախք» յանձնախումբին կազմակերպած զեկուցական եւ հանգանակային հաւաքները՝ ի նպաստ Լոռիի եւ Ջաւախքի օժանդակութեան ծրագիրներուն։

Զօրակցական հանգանակային հաւաքներուն պիտի զեկուցէ ՀՕՄ-ի Ջաւախքի Ֆոնտի Ատենապետ Իվան Արտհալճեանը։ Հաւաքը Թորոնթոյի մէջ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի Մարտ 15, 2020-ին, Հայ կեդրոնի սրահէն ներս, Կեսօրէ ետք ժամը 1։30-ին, իսկ Մոնթրէալի մէջ տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի Մարտ 16, 2020-ին, Հայ կեդրոնի Ահարոնեան սրահէն ներս, Երեկոյեան ժամը 8։00-ին։

Նշենք, որ Գանատայի «Լոռի-Ջաւախք» յանձնախումբը իր երկամեայ գործունէութեան ընթացքին հանգանակած է 100,000 տոլարէն աւելի գումար։

Թորոնթոյի «Նոր Հայ Հորիզոն» հեռուստաժամի 22 Փետրուարի յայտագրով զօրակցական նախաձեռնութեան մասին կը զեկուցէ Գանատայի «Լոռի-Ջաւախք» յանձնախումբի անդամ Ալեք Օհանեանը։ Հաղորդավարն է Քաթիա Յովակիմեան։

Հարցազրոյցը դիտել 6:00-10:30, իսկ Ջաւախքի մասին յպատրաստուած յատուկ վաւերագրականը՝ 10:45 – 25:00։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.