Արեւմտահայստանի մասին նոր հրատարակութիւն
- (0)
Հաղորդագրութեամբ մը, “Յուշամատեան“ հիմնարկը կը տեղեկացնէ թէ լոյս ընծայած է.- “Ottoman Armenians: Life, Culture, Society, Vol 1“ գիրքը, որ կը հաշուէ 271 էջ, կ՛ըդնգրկէ հինգ յօդուածներ եւ կը պարունակէ մօտ 250 պատկերներ:
“Յուշամատեան“ի այս առաջին հրատարակութիւնը կ՛ընդգրկէ յօդուածներ, որոնք գրուած են Նանոր Քեպրանեանի, Ծովինար Տէրտէրեանի, Եաշար Թոլկա Ճորայի, Միհրան Մինասեանի եւ Վահէ Թաշճեանի կողմէ:
Բոլոր գրութիւններն ալ կ՛առնչուին Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու ընդհանուր կեանքին եւ ընկերային միջավայրին: Գիրքին մէջ տեղ գտած են նաեւ բազմաթիւ լուսանկարներ` բոլորն ալ օսմանեան հայերու կեանքին հետ առնչուող: Մինչ գիրքին յօդուածները զարդարուած են համապատասխան պատկերներով, ասոր կողքին գոյութիւն ունին երեք տարբեր պատկերադարաններ. ընտանիքներ, դպրոցական կեանք, արհեստներ: Այստեղ ցուցադրուողները առաւելաբար կայքէջի այցելուներէն ստացուած պատկերներն են, որոնք աւելի կենդանի գաղափար մը կրնան տալ այն հետեւողական ճիգին, զոր խումբը վերջին տարիներուն ի գործ կը դնէ օսմանեան հայերու անցեալին վերաբերող ժառանգային նիւթեր մէկտեղելու եւ նոյն ժամանակ ալ հանրութեան զանոնք մատչելի դարձնելու ուղղութեամբ: