Արեւմտահայստանի մասին նոր հրատարակութիւն


 

 Հա­ղոր­դագ­րու­թեամբ մը, Յու­շա­մատ­եան հիմ­նար­կը կը տե­ղե­կաց­նէ թէ լոյս ըն­ծա­յած է.- “Ottoman Armenians: Life, Culture, Society, Vol 1“ գիր­քը, որ կը հաշ­ուէ 271 էջ, կ՛ըդնգր­կէ հինգ յօդ­ուած­ներ եւ կը պա­րու­նա­կէ մօտ 250 պատ­կեր­ներ:

Յու­շա­մատ­եանի այս առա­ջին հրա­տա­րա­կու­թիւնը կ՛ընդգր­կէ յօդ­ուած­ներ, որոնք գրուած են Նա­նոր Քեպ­րան­եա­նի, Ծո­վի­նար Տէր­տէր­եա­նի, Եա­շար Թոլ­կա Ճո­րա­յի, Միհ­րան Մի­նաս­եա­նի եւ Վա­հէ Թաշճ­եա­նի կող­մէ:

Բո­լոր գրու­թիւն­ներն ալ կ՛առնչ­ուին Օս­ման­եան կայս­րու­թեան մէջ հա­յե­րու ընդ­հա­նուր կեան­քին եւ ըն­կե­րա­յին մի­ջա­վայ­րին: Գիր­քին մէջ տեղ գտած են նա­եւ բազ­մա­թիւ լու­սան­կար­ներ` բո­լորն ալ օս­ման­եան հա­յե­րու կեան­քին հետ առն­չուող: Մինչ գիր­քին յօդ­ուած­նե­րը զար­դար­ուած են հա­մա­պա­տաս­խան պատ­կեր­նե­րով, ասոր կող­քին գո­յու­թիւն ու­նին երեք տար­բեր պատ­կե­րա­դա­րան­ներ. ըն­տա­նիք­ներ, դպրո­ցա­կան կեանք, ար­հեստ­ներ: Այս­տեղ ցու­ցադ­րուող­նե­րը առա­ւե­լա­բար կայ­քէ­ջի այ­ցե­լու­նե­րէն ստաց­ուած պատ­կեր­ներն են, որոնք աւե­լի կեն­դա­նի գա­ղա­փար մը կրնան տալ այն հե­տե­ւո­ղա­կան ճի­գին, զոր խում­բը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ի գործ կը դնէ օս­ման­եան հա­յե­րու անց­եա­լին վե­րա­բե­րող ժա­ռան­գա­յին նիւ­թեր մէկ­տե­ղե­լու եւ նոյն ժա­մա­նակ ալ հան­րու­թեան զա­նոնք մատ­չե­լի դարձ­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ: 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.