ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ ՏԵՍԱԴԱՇՏԻՆ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ


 

 

«Սթրաթֆոր» ռազմաքաղաքական վերլուծողական ամերիկեան կայքէջը կը գրէ, որ հակառակ սուրիական հակամարտութեան երկխօսութեան ճամբով լուծում մը գտնելու եւ Իրանի հետ ճակատումէ մը խուսափելու Անգարայի հետզհետէ աճող փափաքին՝ Թուրքիոյ եւ սուրիական վարչակարգին միջեւ բախումներու վտանգը կը յամենայ, որովհետեւ Թուրքիա կը շարունակէ սուրիացի ըմբոստներուն աջակցիլ։

Թրքական բանակի սպայակոյտը Յունուար 2-ին յայտարարեց, որ սուրիական հակաօդային համակարգերը իրենց ռատարները լարած են թրքական երկու «Էֆ-16»-երու վրայ, որոնք թրքական սահմանին մօտ թռիչք կատարող սուրիական օդանաւի մը հետեւելու համար թռիչք կատարած էին։ Դէպքը կրնար բախումի մը վերածուիլ։ Թրքական լրատուամիջոցներ նաեւ յունուար 2-ին հաղորդեցին, որ Ալեքսանտրեթ նահանգի Քիրիքխան քաղաքէն Քիլիս նահանգի ճամբով Թուրքիա ուղղուող բեռնակառք մը կարճ ժամանակով կանգնեցուեցաւ Քիրիքխան-Ռէյհանլի ճամբուն վրայ։ Սակայն, տեղւոյն կառավարական պաշտօնատարներու միջամտութեան պատճառով չխուզարկուեցաւ եւ շարունակեց իր ճամբան։ Այն ենթադրութիւնը, թէ բեռնակառքը զէնքեր կը փոխադրէր չհաստատուեցաւ։ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Էֆքան Ալա պարզապէս յայտարարեց, որ բեռնակառքը Սուրիոյ թիւրքմէններուն «օժանդակութիւն» կը փոխադրէր։

Մինչ թրքական կառավարութիւնը շարունակ կը հերքէ, թէ Սուրիոյ մէջ ըմբոստներուն զէնք կը մատակարարէ եւ աշխոյժ կերպով կը հետապնդէ Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութեան (ՏԱՀԵՇ) զինեալները, մեծաթիւ փաստեր գոյութիւն ունին, թէ թրքական սահմանի ճամբով զէնքերու նկատառելի հոսք մը (նաեւ օտար զինեալներու) իր ճամբան կը գտնէ դէպի ըմբոստները։ Ուստի շատ հաւանական է, որ վերոնշեալ բեռնակառքը իրապէս սուրիացի ըմբոստներուն համար զէնք կը փոխադրէր։ Թուրքիա թիւրքմէն ըմբոստներու եւ Սուրիական ազատ բանակին հետ կապեր ունի, եւ Անգարա մինչեւ իսկ կարգ մը քրտական եւ իսլամական խմբաւորումներու կ՚աջակցի «բաժնէ որ տիրես»ի քաղաքականութեան մը ծիրին մէջ։

Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ժիհատականներու գործունէութեան աճին ու ՏԱՀԵՇ-ի թրքական սահմանային անցքերուն մօտ արձանագրած յառաջխաղացքին լոյսին տակ՝ թուրքերը Պաշշար Ասատի իշխանութենէն հեռացումը պահանջող իրենց կոչերը նկատառելի կերպով մեղմացուցած են եւ իրենց սահմանային անցքերու վերահսկողութիւնը ամրապնդած։ Այնպիսի պահու մը, երբ Միացեալ Նահանգներ Իրանի հետ բանակցութիւններ կը վարէ, Անգարա կը փորձէ Թեհրանը մասնակից դարձնել սուրիական հակամարտութեան այնպիսի լուծումի մը, որուն առաջնահերթութիւնը կայունութիւնն է եւ ոչ թէ վարչակարգի տապալումը։

Այս բոլորով հանդերձ, թուրքերը չեն դադրած Սուրիոյ մէջ ըմբոստներուն աջակցելէ եւ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդին ու Միացեալ Նահանգներու կողքին աշխոյժ կերպով մեղսակից են ըմբոստներուն եւ մասնաւորաբար Ռազմական գերագոյն խորհուրդին օժանդակութիւն ու սարքերու փոխանցման մէջ։ Հրապարակաւ Ասատի վարչակարգի տապալման յանձնառու դառնալէ ետք, Անգարա կը փափաքի Ասատի հեռացումը, որովհետեւ Ասատի իշխանութեան վրայ մնալու երեւոյթը իրեն համար վարկաբեկիչ է, մանաւանդ որ Ասատի վարչակարգը անհաւանական է, որ մոռնայ Թուրքիոյ ժխտական դերակատարութիւնը։ Թուրքիա իր կարգին պիտի չկարողանայ մոռնալ Սուրիոյ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ սուրիական հովանաւորութեամբ կատարուած յարձակումները։ Խաղին մէջ մնալու եւ Թուրքիոյ համար գէթ նուազագոյն շահեր ապահովելու համար (որքան ալ անհաւանական) ըմբոստները պէտք է չբնաջնջուելու համար բաւարար աջակցութիւն ստանան, եւ իրապէս ալ Անգարայէն որոշ աջակցութիւն կը ստանան։

Աւելին, Թուրքիա նաեւ շատ մտահոգ է Սուրիոյ մէջ ժիհատականներու եւ քրտական զինեալ ուժերու ազդեցութեան աճէն։ Բարեկամ սուրիական ընդդիմադիր խմբաւորումներու հետ ուղղակի կապեր պահելով՝ Անգարա կրնայ փորձել վերջիններս օգտագործել ժիհատականներու եւ քիւրտերու անջատողական վտանգը նուազեցնելու համար։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.