Հայահոծ Վալանս քաղաքին մէջ թուրքեր զանգուածային ձեւով բնակութիւն կը հաստատեն


 

 

ԽՄԲ.- Փարիզի մեր պաշտօնակից «Նոր Յառաջ», ստորեւ ներկայացուած յօդուածով ահազանգ կը հնչեցնէ հայատրոփ Վալանս քաղաքին մէջ թրքական համայնքի արագընթաց ստուարութեան ի տես։ 65-70 հազար բնակչութիւն ունեցող Վալանս քաղաքին մէջ հայութիւնը առաջին անգամ հաստատուած է Հայկական Ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք։

Վալանսը Ֆրան­սա­յի Տրոմ նա­հան­գի այն գողտրիկ քա­ղաքն է, որու բնակ­չութեան մին­չեւ 10%ը Հա­յերէ բաղ­կա­ցած ըլ­լա­լով, նա­խորդ քա­ղաքա­պետին՝ Փաթ­րիք Լա­պօնի կող­մէ կո­չուած է «Հա­յոց մայ­րա­քաղա­քը Ֆրան­սա­յի մէջ»: Եօթէն ութ հա­զար հայ բնակ­չութեան տէր «հայ­կա­կան» այս քա­ղաքը ներ­կա­յիս կա­տարեալ եղա­փոխու­թեան շրջան մը կը բո­լորէ ու եթէ այդ­պէս շա­րու­նա­կուի բնաւ զար­մա­նալի պի­տի չըլ­լար, որ ի մօ­տոյ ան կոչուի «թրքա­կան քա­ղաք»:

Եւ, երե­ւոյ­թը կա­րելի չէ պա­տահա­կանու­թեան վե­րագ­րել, քան­զի ակնյայտ է թրքա­կան հիւ­պա­տոսա­րանին եւ ֆրան­քեւթրքա­կան ըն­կե­րակ­ցութիւննե­րու այդ ուղղու­թեամբ կա­տարած աշ­խա­տան­քը: Ակնյայտ է, որ լուրջ եւ ծրագ­րեալ քայ­լե­րու կը դի­մէ թրքա­կան կող­մը, հա­յաշատ բո­լոր շրջան­նե­րը Թուրքե­րով բնա­կեց­նե­լով այդ ոստան­նե­րուն մէջ, Հա­յոց հա­կակ­շի­ռը չէ­զոքաց­նե­լու եւ ին­չո՞ւ չէ, այ­նուհե­տեւ ալ թրքա­կան հա­կակ­շիռ հաս­տա­տելու, թրքա­կան գա­ղափա­րախօ­սու­թիւնը տա­րածե­լու հե­ռան­կարնե­րով: Նման երե­ւոյթ կը դի­տար­կուի նաեւ փա­րիզեան շրջա­նի Ալ­ֆորվիլ քա­ղաքին մէջ, ուր ամէն օր քիչ մը աւե­լի կ՚ուռճա­նայ թրքա­կան հա­մայնքը:

Իրաց այս կա­ցու­թեան մէջ, Նո­յեմ­բեր 23ին, Վա­լան­սի Արհմիու­թիւննե­րու Տունը հիւրընկալած է ժո­ղով մը, զոր կազ­մա­կեր­պած են Ֆրան­քեւթրքա­կան բա­րեկա­մու­թեան միու­թիւնը եւ Ժո­ղովրդա­վար Թուրքե­րու միու­թիւնը, որ­պէս օրա­կար­գի նիւթ ու­նե­նալով Թուրքե­րու քուէնե­րը քա­ղաքա­պետական ընտրու­թիւննե­րուն: Ժո­ղովին մաս­նակցած են Վա­լան­սի փոխ­քա­ղաքա­պետ Փիէր-Ժան Վէ­րէ (ըն­կերվա­րական), Ֆրանք Սու­լի­նիաք (UMP) եւ Օլի­վիէ Կա­ֆա (MoDem):

Վա­լան­սի մէջ, ներ­կա­յիս թրքա­կան հա­մայնքին թի­ւը կը գնա­հատուի 4.000, բայց մէկ մա­սը Քիւրտեր են:

Նկարը՝ Վալանսի մէջ Մեծ Եղեռնի 97-ամեակի առիթով հայկական բողոքի ցոյց։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.