«Հայաստանը Թուրքիայի հետ պատրաստ է յարաբերուել առանց նախապայմանների». Փաշինեան

Հայաստան պատրաստ է Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատելու` առանց նախապայմաններու։ Այս մասին այսօր արտասահմանեան լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտնած է ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան։ Այս մասին կը յայտնեն Սփութնիք Արմենիան եւ Երկիր Մեդիան։

«Բազմիցս ասել եմ, որ մենք պատրաստ ենք Թուրքիայի հետ ուղիղ, առանց նախապայմանների յարաբերութիւններին։ Եւ մենք գիտենք, որ Թուրքիան եւս դրան պատրաստ է», ասուլիսի ժամանակ ըսած է Փաշինեան։

Ընդ որում, անընդունելի նախապայմաններու շարքին Փաշինեանը նշած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցը։ «Բայց Թուրքիայի հետ յարաբերութիւնները կապուած են Լեռնային Ղարաբաղի հարցի հետ, երրորդ երկրի հետ։ Ես նկատի ունեմ Ադրբեջանը»,- ըսած է ան։

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները դադրած են 1993 թուականէն, երբ Անգարայի պաշտօնական նախաձեռնութեամբ փակուած է միջպետական սահմանը։

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերականգնման փորձի մը ձեռնարկեց ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան, 2008 թուականին, Հայաստան–Թուրքիա ֆութպոլային հանդիպման պատրուակով, որուն առթիւ այդ նախաձեռնութիւնը ստացաւ ֆութպոլային դիւանագիտութիւն անուանումը։

2008 թուականի աշնան ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախաձեռնութեամբ սկսած հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման նոր փուլին արդիւնքով 2009 թուականի Հոկտեմբեր 10-ին Ցիւրիխի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարներուն միջեւ ստորագրուեցաւ արձանագրութիւն` երկու երկիրներուն միջեւ առանց որեւէ նախապայմանի դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու վերաբերեալ։

Թուրքիոյ կողմէ 10 տարի շարունակ չստորագրուած արձանագրութիւնները չեղեալ յայտարարուեցան միայն 2018 Մարտ 1-ին։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.