ԼՈՒՐԵՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԷՆ

 

ՕԳՈՍՏՈՍ 16_ Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեան, հիւրընկալեց Օնթարիոյ վարչապետտուհի Քաթլին Ուէյնը, որ յատուկ այցելութեամբ ներկայ գտնուեցաւ Թորոնթոյի 30-ամեայ Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնի արարողութեանց ու ապա տարեկան քէրմէսին:

ՕԳՈՍՏՈՍ 18_ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, Ս. Պատարագ մատուցեց ու քարոզեց Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ համայնքին:

ՕԳՈՍՏՈՍ 23-24_ Սոյն շաբաթավերջին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ, Ազգային Վարչութիւնը գումարեց իր լիագումար նիստերը՝ Օնթարիոյի մէջ, ուր հանդիպումներ ունեցաւ շրջանի եկեղեցիներու Հոգեւոր Հովիւներուն ու Հոգաբարձութեանց հետ:

ՕԳՈՍՏՈՍ 24_ Առաջնորդարանի Հայեցի եւ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդները կազմակերպեցին միօրեայ սեմինար մը՝ Կիրակնօրեայ, Շաբաթօրեայ եւ Ամէնօրեայ վարժարաններու կրօնք դասաւանդող հայ ուսուցիչներուն համար:

ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 8-9_ Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ տարեկան Երիտասարդական համախմբումը՝ Քինկսթընի մէջ: Շաբաջավերջի դասախօսներն էին՝ Գերապատիւ Տ. Մեղրիկ Ծ. Վրդ. Բարիքեան եւ տիկին Յասմիկ Ինճէճիկեան:

ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 11_ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հիւրընկալեց Լիաբանի Դեսպանուհի Տիկին Միշէլին Ապի-Սամրան: Հանդիպման ներկայ էին Լիբանանի Հիւպատոս Պրն. Ֆատի Զիյատէ, Ազգային Վարչութեան անդամ պրն. Գրիգոր Գույումճեան եւ ՀՅԴ Գանտայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ պրն. Վիգէն Թիւֆէնքճեան:

ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 13-14_ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութիւնը գումարեց իր Լիագումար նիստերը եւ հանդիպում ունեցաւ Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան հետ:

Սեպտեմբեր 15-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մեկնեցաւ Հայաստան, ուր ան ներկայ պիտի գտնուի Հայ Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 24-27, 2013-ին, Ս. Էջմիածնի մէջ:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.