19 Յունիս 1920. Պաքուի Հայութեան Ջարդարարը՝ Խան-Խոյսկի Ահաբեկուեցաւ Արամ Երկանեանի Ձեռամբ
Նազարէթ Պէրպէրեան
Յունիս 19-ին, 97 տարի առաջ, Ատրպէյճանի մուսաւաթական առաջին կառավարութեան նախագահը՝ Ֆաթալի Խան Խոյսկի ահաբեկուեցաւ Թիֆլիսի Գոլովինսկի փողոցին (այժմ` Ռուսթավելլի պողոտայ) վրայ։
Ահաբեկիչը Արամ Երկանեան անունով դաշնակցական երիտասարդ մըն էր, որ իր յանդուգն գործողութեամբ առաջին եւ կարեւոր քայլ մը նետեց թուրքեւազերի հայասպան ջարդարարներուն արդար դատաստանի եւ մահապատիժի արժանացնելու Հ.Յ.Դ. 9-րդ Ընդհանուր Ժողովի որոշած «Նեմեսիս» ծրագրի գործադրութեան ուղղութեամբ։
Խան-Խոյսկի կը հանդիսանար, Ատրպէյճանի մուսաւաթական կառավարութեան ներքին գործոց նախարար Ճիվանշիրի հետ, գլխաւոր պատասխանատուն իթթիհատական թուրքերու ձեռակերտ նորաստեղծ Ատրպէյճանի տարածքին հայութիւնը կոտորելու եւ տեղահան դարձնելու ցեղասպանական ծրագրի մշակումին ու գործադրութեան։
Պատմութենէն ծանօթ է, որ 1918-ի առաջին ամիսներուն, օգտուելով ռուսական զօրքերը ռազմաճակատներէն տուն կանչող Լենինի դաւադիր, այլեւ կործանարար քայլէն, իթթիհատական Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը, Առաջին Աշխարհամարտը արդէն կորսնցնելու պահուն, որոշեց իր ուժերը կեդրոնացնել Անդրկովկասի ճակատին վրայ։
Վերագրաւելով Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրուած մասը` թրքական զօրքերը արշաւեցին Այսրկովկաս: Թրքական 3-րդ եւ 4-րդ զօրախումբերու` 1918 թ. Մայիսին Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսաի ճակատամարտերուն իրենց կրած պարտութենէն յետոյ, թրքական երկրորդ զօրախումբը Ջաջուռ-Համամլու-Ղարաքիլիսա-Դիլիջան-Ղազախ-Ելիզավետպոլ գիծով արշաւեց դէպի Պաքու:
Թուրքերու Պաքու մուտքը մեծ օժանդակութիւն ստացաւ Գանձակի մէջ գտնուող Ատրպէյճանական Դեմոկրատական Հանրապետութեան մուսաւաթական նորաստեղծ կառավարութեան (նախագահը` Մ. Ֆաթալի Խան-Խոյսկի) կողմէ: Թուրք-մուսաւաթական համագործակցութիւնն աւելի ակնառու դարձաւ, երբ 1918-ի Մայիսի 27-ին Մոսուլէն Գանձակ ժամանեց Կովկասեան թրքական բանակի գլխաւոր հրամանատար, զօրավար Նուրի փաշան:
Մայիսի վերջերուն Պաքուի ճակատին վրայ գտնուող թրքական ուժերուն ընդհանուր թիւը արդէն հասած էր 18-20 հազարի եւ օրէ օր կ’աւելնար։ 1918 թ. Մայիսի վերջերուն, հետեւաբար, Գանձակ գտնուող Ատրպէյճանի կառավարութեան ու Մուսաւաթ կուսակցութեան գործիչներու գաղտնի խորհրդակցութեան ժամանակ, մշակուեցան Նուխիի, Արէշի, Կէօքչայի, Շամախի եւ Պաքուի գաւառներու հայութեան կոտորածներու ծրագիրներ:
Այս առումով ուշագրաւ է, կոտորածներէն առաջ, Նուխիի, Շամախի եւ Պաքուի քաղաքապետներուն ուղղուած Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարար Բէյբուդ Խան-Ջիվանշիրի գաղտնի հրամանը, որ կը հրահանգէր.- «Անհրաժեշտ է ոչնչացնել հայերը, անոնց դիակներու վրայէն անցնելով մեր նպատակներուն հասնելու համար: Մի՛ խնայէք ոչ ոքի եւ հաւատարմօրէն կատարեցէք ձեզի տրուած հրահանգները»։
Պաքուի հայութեան հերոսական ինքնապաշտպանութիւնը (Պոլշեւիկ ղեկավար գործիչ Ստեփան Շահումեանի եւ Հ.Յ.Դ. հիմնադիր Ռոստոմի միացեալ ղեկավարութեամբ) առանձին անդրադարձի նիւթ է։ Այսօր կը կեդրոնանանք այդ օրհասական կռիւներու ընթացքին, յատկապէս թրքական զօրքերու Պաքու մուտքէն ետք հայ ժողովուրդին դէմ մոլեգնած ցեղասպանական ոճիրներուն վրայ, որոնց գլխաւոր պատասխանատուներէն էր Խան-Խոյսկին եւ այդ պատճառով ալ, 1920-ի Յունիս 19-ին, Արամ Երկանեանի ձեռամբ ստացաւ իր արդար պատիժը։
Այդ օր, ինչպէս պատմական արխիւները կը հաստատեն, «Թիֆլիսի Գոլովինսկու փողոցում անշուք արտաքինով բակապանի վրայ ոչ ոք ուշադրութիւն չդարձրեց:
Ծուլօրէն յօրանջող բակապանը յանկարծ կերպարանափոխուեց, երբ երեւաց Խան-Խոյսկին` իր ՙղոչիներով: Մի պահ միայն թուրք դահիճը տեսաւ ահեղ վրիժառուին ու այլեւս… ոչինչ չտեսաւ:
«Պայթեց Արամի մաուզերը եւ հայակեր դահիճը ընկաւ ջախջախուած գանկով: Եւս երկու կրակոց, ու էլի երկու ղոչիներ հետեւեցին իրենց առաջնորդի օրինակին: Արամը ինքն էլ վիրաւորուեց, սակայն կարողացաւ խուսափել հետապնդումից` ապացուցելով, որ որքան քաջ, նոյնքան էլ հնարամիտ է»։
Ահա՛ ամփոփ ու խիտ նկարագրականը 19 Յունիս 1920-ի ահաբեկչական այն հատու գործողութեան, որ առաջին ազդանշաններէն մէկը դարձաւ 1915-ի Հայասպանական մեծ Ոճիրով սկսած Հայկական Արհաւիրքի թուրք եւ թաթար պատասխանատուներու արդարահատոյց Նեմեսիս գործողութեան։
Աւելի քան ինը տասնամեակ անցած է Հայաստանի եւ հայութեան համար պատմական տարողութեամբ բախտորոշ վերիվայրումներու այդ ժամանակաշրջանէն ասդին։
Հայասպանութեան արհաւիրքին, ՄԱՅԻՍ 28-ի հրաշափառ Յարութեան եւ Ազատ ու Անկախ Հայաստանի թուրքեւխորհրդային կործանումին զուգահեռ, հայ ժողովուրդը պատմութեան էջերուն արձանագրեց Հայկական Նեմեսիսի մէջք շտկող եւ ազգային ինքնավստահութիւն կոփող էջը, որուն առաջին ազդանշաններէն եղաւ 19 Յունիս 1920-ին Պաքուի հայասպան Խան-Խոյսկիի ահաբեկումը՝ Արամ Երկանեանի ձեռամբ։