17 ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Յարգելի՛ հայրենակիցներ
Գլխակարկութեան արարքով երկիրը պարտութեան տարած իշխանութիւնները կը շարունակեն իրենց հայրենադաւ ծրագիրի իրականացումը:
Ակնյայտ հոգեվարքի մէջ գտնուող իշխանութիւնը ոչ միայն կը փորձէ հանրութեան ուշադրութիւնը շեղել իր ազգադաւ նպատակները աւարտին հասցնելու գործողութիւններէն, այլեւ, կիրառելով իրաւական եւ ժողովրդավարական պետութեան սկզբունքները ոտնայարող, բռնապետական գործողութիւններ, ապօրինաբար մեկուսացնելով ընդդիմադիր քաղաքական եւ հանրային գործիչներու, հող կը նախապատրաստէ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու գործունէութիւնը յառաջիկային արգիլելու համար:
Հանրութեան մօտ բացասական վերաբերմունք ձեւաւորելու եւ սեփական պատասխանատուութենէն խուսափելու ակնյայտ դիտաւորութեամբ հրապարակ նետուած է դիւական զառանցանք, թէ իբր ընդդիմադիր առանձին քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ ծրագրած են Փաշինեանի սպանութիւնը: 14 Նոյեմբերին այդ մեղադրանքով ապօրինիօրէն ձերբակալուած է «Հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավար, գեներալ-մայոր Արթուր Վանեցեան:
Նոյն շինծու մեղանդրանքներով ձերբակալուած են նաեւ ՀՀԿ նախկին պատգամաւորական խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Պաղտասարեան, Զինեալ Ուժերու գնդապետ, «Մարտական Խաչ» երկրորդ աստիճանի շքանշանակիր, Արցախեան երեք պատերազմներու մասնակից, Սիսական ջոկատի հրամանատար` Աշոտ Մինասեան, նոյն ջոկատի անդամ, դաշնակցական, մտաւորական Աշոտ Աւագեան:
Ապօրինի քրէական հետապնդումները կը սաստկանան` ձեւաւորելով քաղաքական բանտարկեալներու մեծաթիւ բանակ:
Բազմիցս շեշտած ենք, որ ազգադաւ իշխանութիւններուն պայքարին դէմ առաջնորդուած ենք սահմանադրականութեամբ եւ օրինականութեամբ` ի տարբերութիւն իշխող կուսակցութեան եւ անոր սատարող խմբաւորումներուն: Սեփական վարքագիծի հիւանդագին մտասեւեռումը տարածելով իր ընդդիմադիրներուն նկատմամբ` իշխանութիւնը մարդոց ահաբեկելու ապարդիւն փորձեր կը կատարէ` առանց հասկնալու, որ ապօրինաբար բանտարկուած իւրաքանչիւր հայրենասէրին կը փոխարինեն տասնեակ նուիրեալներ:
Յարգելի՛ հայրենակիցներ, կոչ կ’ուղղենք ձեր ձայնը բարձրացնել ի պաշտպանութիւն քաղաքական բանտարկեալներուն եւ համախմբուիլ` սահմանադրական ճանապարհով ժամ առաջ Փաշինեանի աղէտաբեր վարչախումբէն ազատելու համար:
Հայրենիքի փրկութեան մեր պայքարը կը շարունակուի:

15.11.2020 թ.
17 Կուսակցութիւններու Քաղաքական Խորհուրդ
Յայտարարութիւնը բաց է միանալու համար:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.