Սուրիական բանակի զինուոր, ՀՄԸՄ-ական Վրէժ Քէշիշեանի Յիշատակին
Սուրիական հայրենիքին վիճակուած տագնապալի իրադարձութիւններու ստեղծած կացութիւնը երկար ամիսներէ ի վեր կը շարունակուի: Տագնապալի այս վիճակը ցաւ ու վիշտ պատճառեց հազարաւոր սուրիահայ ընտանիքներու, որոնց զաւակները, հարազատներն ու բարեկամները նահատակուեցան եւ կամ վիրաւորուեցան ահաբեկչական անմարդկային ոճրագործութիւններով:
Հայ Զինուորը Սուրիական Հայրենիքին որպէս անբաժան զաւակը հեռու չմնաց իր քաղաքացիական պարտականութիւններէն: Նահատակ Վիգէն Հայրապետեանով սկիզբ առած` ապա Լեւոնով, Յովակով, Սագոյով եւ Հայկով շարունակուած սուրիահայ նահատակներու պատուոյ ցանկը այսօր նոր հերոսի մը անունը ոսկէ տառերով արձանագրելով հասաւ Վրէժ Քէշիշեանին: Հազարաւոր զոհերու շարքին արժանապատիւ տեղ գրաւեց նաեւ հայազգի զաւակ` Վրէժը, որ զինուորական ծառայութեան ընթացքին, սուրիական քաղաքացիական պարտաւորութիւնը կատարած պահուն նահատակուեցաւ թշնամիին փամփուշտով ու միացաւ նահատակ հերոսներու անմահ փաղանգին:
Անցեալ շաբթուան ընթացքին հալէպահայութիւնը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.- ի Հալէպի ընտանիքը իմացաւ Հ.Մ.Ը.Մ.- ի միւռոնով օծուած եւ անոր դրօշով առաջնորդուած ազգի հայ զինուոր եղբ. Վրէժ Քէշիշեանի նահատակութեան լուրը:
Եղբայր Վրէժը Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական խոստումին առաջին յօդուածը արդէն իսկ իրագործեց հարիւր տոկոսով` Հաւատարմութիւն Աստուծոյ եւ ծառայել Ազգին ու Հայրենիքին:
Աստուծոյ հաւատարմութեամբ միշտ յոյսով էր, որ Սուրիական Հայրենիքին պայծառ երկինքը ծածկող այս սեւ ամպը անպայման օր մը պիտի հեռանայ, եւ կրկին անգամ պիտի ծագի յաղթութեան արեգակը եւ երկինքը պիտի ծածկուի խաղաղութեան աղաւնիներով: Անոր տուած խոստումը պարզապէս խօսք մը չեղաւ, այլ ան որպէս Սուրիական Հայրենիքի հաւատարիմ զինուոր արեան գնով ուխտած իր քաղաքացիական պարտականութիւնը կատարած պահուն նահատակուեցաւ անգութ թշնամիին փամփուշտով:
Եղբ. Վրէժին սկաուտական առաջին օրերը եղան Հ.Մ.Ը.Մ.- ի Գրիգոր Յակոբեան բաժինին մէջ: Բարեկիրթ, ազնիւ, ընկերասէր, համեստ եւ աշխատասէր եղբօր յիշատակին այս պահուն դըժուար է արտայայտուելու խօսքեր գտնել: Եղբ. Վրէ՛ժ, յուզմունքով ու արցունքով, բայց միեւնոյն ժամանակ հպարտութեամբ արձանագրած այս տողերուս մէջ կ՛ուզեմ վկայակոչել այն անմոռանալի օրերէն, երբ դուն կը կրէիր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական տարազը:
Կարելի չէ մոռնալ 2008 տարեշրջանին Քեսապի մէջ կատարուած Հալէպ մսնճ.-ի «Գրիգոր Յակոբեան» արի-արենոյշ միաւորի տարեկան բանակումին յիշատակելի օրերը, ուր դուն ներկայ էիր որպէս տիպար, աշխատասէր եւ օրինակելի անդամ: Կարելի չէ մոռնալ նոյն տարուան խարուկահանդէսը, որ անձրեւի պատճառով կիսատ մնաց: Օրին, դուն եւ խումբի ընկերներդ ներկայացաք մօտս եւ խոստացաք աւելի լաւը կատարել Հալէպի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պասքէթի դաշտին վրայ` եւ ձեր խօսքը յարգելով կատարեցիք ամենայն ձեռնհասութեամբ:
Կարելի չէ մոռնալ Սկաուտական Նորագիրի վկայականը ստացած պահուդ դէմքիդ անմեղ ժպիտը:
Կարելի չէ մոռնալ յարգանքդ, հնազանդութիւնդ, ընկերասիրութիւնդ եւ ժպտագին դէմքդ:
Այս բոլորին կողքին անհնար է մոռնալ շրթներէդ բարձրաձայն հնչած «ՊԱՏՐԱՍՏ» սկաուտական կոչին արձագանգը:
Սիրելի՛ եղբայր Վրէժ: Նահատակութեամբդ դարձար իտէալը հարիւրաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.-ական եղբայրներուդ: Անոնց մէջ սերմանեցիր հաւատարմութեան եւ զոհողութեան ոգին, ըլլալու համար միշտ պատրաստ յանուն Սուրիական Հայրենիքին խաղաղութեան: Ճիշդ է որ դուն այսօր ֆիզիքապէս հեռու ես ընտանիքէդ, հարազատներէդ, ընկերներէդ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական եղբայրներէդ ու քոյրերէդ, բայց յիշատակդ անթառամ պիտի մնայ մեր բոլորին սրտերուն մէջ:
Հողը թեթեւ գայ վրադ սիրելի եղբայր Վրէժ Քէշիշեան:
Հ.Մ.Ը.Մ.- ի պատասխանատուներէդ`Ռաֆֆի Սիւլահեան