Սուրիական բանակի զինուոր, ՀՄԸՄ-ական Վրէժ Քէշիշեանի Յիշատակին


 

 

Սուր­ի­ա­կան հայ­րե­նի­քին վի­ճակ­ուած տագ­նա­պա­լի իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րու ստեղ­ծած կա­ցու­թիւնը եր­կար ամիս­նե­րէ ի վեր կը շա­րու­նակ­ուի: Տագ­նա­պա­լի այս վի­ճա­կը ցաւ ու վիշտ պատ­ճա­ռեց հա­զա­րա­ւոր սուր­ի­ա­հայ ըն­տա­նիք­նե­րու, որոնց զա­ւակ­նե­րը, հա­րա­զատ­ներն ու բա­րե­կամ­նե­րը նա­հա­տակ­ուե­ցան եւ կամ վի­րա­ւոր­ուե­ցան ահա­բեկ­չա­կան ան­մարդ­կա­յին ոճ­րա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով:

Հայ Զի­նուո­րը Սուր­ի­ա­կան Հայ­րե­նի­քին որ­պէս ան­բա­ժան զա­ւա­կը հե­ռու չմ­նաց իր քա­ղա­քաց­ի­ա­կան պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րէն: Նա­հա­տակ Վի­գէն Հայ­րա­պետ­եա­նով սկիզբ առած` ապա Լե­ւո­նով, Յո­վա­կով, Սա­գո­յով եւ Հայ­կով շա­րու­նակ­ուած սուր­ի­ա­հայ նա­հա­տակ­նե­րու պա­տուոյ ցան­կը այ­սօր նոր հե­րո­սի մը անու­նը ոս­կէ տա­ռե­րով ար­ձա­նագ­րե­լով հա­սաւ Վրէժ Քէ­շիշ­եա­նին: Հա­զա­րա­ւոր զո­հե­րու շար­քին արժանապատիւ տեղ գրաւեց նա­եւ հա­յազ­գի զա­ւակ` Վրէ­ժը, որ զի­նուո­րա­կան ծա­ռա­յու­թեան ըն­թաց­քին, սուր­ի­ա­կան քա­ղա­քաց­ի­ա­կան պար­տա­ւո­րու­թիւնը կա­տա­րած պա­հուն նա­հա­տակ­ուե­ցաւ թշ­նամի­ին փամ­փուշ­տով ու մի­ա­ցաւ նա­հա­տակ հե­րոս­նե­րու ան­մահ փա­ղան­գին:

Անց­եալ շաբթ­ուան ըն­թաց­քին հա­լէ­պա­հա­յու­թիւնը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.- ի Հա­լէ­պի ըն­տա­նի­քը իմա­ցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.- ի միւ­ռո­նով օծ­ուած եւ անոր դրօ­շով առաջ­նորդ­ուած ազ­գի հայ զի­նուոր եղբ. Վրէժ Քէ­շիշ­եա­նի նա­հա­տա­կու­թեան լու­րը:

Եղ­բայր Վրէ­ժը Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաու­տա­կան խոս­տու­մին առա­ջին յօդ­ուա­ծը ար­դէն իսկ իրա­գոր­ծեց հա­րիւր տո­կո­սով` Հա­ւա­տար­մու­թիւն Աս­տու­ծոյ եւ ծա­ռա­յել Ազ­գին ու Հայ­րե­նի­քին:

Աս­տու­ծոյ հա­ւա­տար­մու­թեամբ միշտ յոյ­սով էր, որ Սուր­ի­ա­կան Հայ­րե­նի­քին պայ­ծառ եր­կին­քը ծած­կող այս սեւ ամ­պը ան­պայ­ման օր մը պի­տի հե­ռա­նայ, եւ կր­կին ան­գամ պի­տի ծա­գի յաղ­թու­թեան արե­գա­կը եւ եր­կին­քը պի­տի ծածկ­ուի խա­ղա­ղութ­եան աղաւ­նի­նե­րով: Անոր տուած խոս­տու­մը պար­զա­պէս խօսք մը չե­ղաւ, այլ ան որ­պէս Սուր­ի­ա­կան Հայ­րե­նի­քի հա­ւա­տա­րիմ զի­նուոր ար­եան գնով ուխ­տած իր քա­ղաքաց­ի­ա­կան պար­տա­կա­նու­թիւնը կա­տա­րած պա­հուն նա­հա­տակ­ուե­ցաւ ան­գութ թշ­նամի­ին փամ­փուշ­տով:

Եղբ. Վրէ­ժին սկաու­տա­կան առա­ջին օրե­րը եղան Հ.Մ.Ը.Մ.- ի Գրի­գոր Յա­կոբ­եան բա­ժի­նին մէջ: Բա­րե­կիրթ, ազ­նիւ, ըն­կե­րա­սէր, հա­մեստ եւ աշ­խա­տա­սէր եղ­բօր յի­շա­տա­կին այս պա­հուն դըժ­ուար է ար­տա­յայտ­ուե­լու խօս­քեր գտ­նել: Եղբ. Վրէ՛ժ, յուզ­մուն­քով ու ար­ցուն­քով, բայց մի­եւ­նոյն ժա­մա­նակ հպար­տու­թեամբ ար­ձա­նագ­րած այս տո­ղե­րուս մէջ կ՛ու­զեմ վկա­յա­կո­չել այն ան­մո­ռա­նա­լի օրե­րէն, երբ դուն կը կրէ­իր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաու­տա­կան տա­րա­զը:

Կա­րե­լի չէ մոռ­նալ 2008 տա­րեշր­ջա­նին Քե­սա­պի մէջ կա­տար­ուած Հա­լէպ մսնճ.-ի «Գրի­գոր Յա­կոբ­եան» արի-արե­նոյշ մի­ա­ւո­րի տա­րե­կան բա­նա­կու­մին յի­շա­տա­կե­լի օրե­րը, ուր դուն ներ­կայ էիր որ­պէս տի­պար, աշ­խա­տա­սէր եւ օրի­նա­կե­լի ան­դամ: Կա­րե­լի չէ մոռ­նալ նոյն տար­ուան խա­րու­կա­հան­դէ­սը, որ անձ­րե­ւի պատ­ճա­ռով կի­սատ մնաց: Օրին, դուն եւ խում­բի ըն­կեր­ներդ ներ­կա­յա­ցաք մօտս եւ խոս­տա­ցաք աւե­լի լա­ւը կա­տա­րել Հա­լէ­պի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պաս­քէ­թի դաշ­տին վրայ` եւ ձեր խօս­քը յար­գե­լով կա­տա­րե­ցիք ամե­նայն ձեռն­հա­սութ­եամբ:

Կա­րե­լի չէ մոռ­նալ Սկաու­տա­կան Նո­րա­գի­րի վկա­յա­կա­նը ստա­ցած պա­հուդ դէմ­քիդ ան­մեղ ժպի­տը:

Կա­րե­լի չէ մոռ­նալ յար­գանքդ, հնա­զան­դու­թիւնդ, ըն­կե­րա­սի­րու­թիւնդ եւ ժպ­տա­գին դէմքդ:

Այս բո­լո­րին կող­քին անհ­նար է մոռ­նալ շրթ­նե­րէդ բարձ­րա­ձայն հն­չած «ՊԱՏ­ՐԱՍՏ» սկաու­տա­կան կո­չին ար­ձա­գան­գը:

Սի­րե­լի՛ եղ­բայր Վրէժ: Նա­հա­տա­կու­թեամբդ դար­ձար իտ­է­ա­լը հա­րիւ­րա­ւոր Հ.Մ.Ը.Մ.-ական եղ­բայր­նե­րուդ: Անոնց մէջ սեր­մա­նե­ցիր հա­ւա­տար­մու­թեան եւ զո­հո­ղու­թեան ոգին, ըլ­լա­լու հա­մար միշտ պատ­րաստ յա­նուն Սուր­ի­ա­կան Հայ­րե­նի­քին խա­ղա­ղութ­եան: Ճիշդ է որ դուն այ­սօր ֆի­զի­քա­պէս հե­ռու ես ըն­տա­նի­քէդ, հա­րա­զատ­նե­րէդ, ըն­կեր­նե­րէդ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական եղ­բայր­նե­րէդ ու քոյ­րե­րէդ, բայց յի­շա­տակդ ան­թա­ռամ պի­տի մնայ մեր բո­լո­րին սր­տե­րուն մէջ:

Հո­ղը թե­թեւ գայ վրադ սի­րե­լի եղ­բայր Վրէժ Քէ­շիշ­եան:

Հ.Մ.Ը.Մ.- ի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէդ`Ռաֆ­ֆի Սիւ­լահ­եան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.